Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ֆրանսահայ ակնառու քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տէվէճեանը։
Այս մասին լուրը առաջինը հաղորդեց «Արեւելք»ը յղում կատարելով ֆրանսական Lepoint պարբերականին, որ նշած է թէ 75-ամեայ քաղաքական գործիչը մահացած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելուն հետեւանքով։
Տէվ էճեան ընդամէնը քանի մը օր առաջ թուիթըրի իր էջով շնորհակալութեան խօսք ուղղած էր հիւանդանոցի բոլոր աշխատակիցներուն, բժիշկներուն եւ բոյժքոյրերուն, որոնք հոգ կը տանէին իրեն։
Ան մասնաւորապէս գրած էր. «Համաճարակը զիս ալ խոցեց։ Յոգնած եմ, սակայն իմ բուժմանս հետեւողներուն շնորհիւ պիտի ապաքինուիմ», – գրած էր հայազգի գործիչը
Յիշեցնենք, որ Փաթրիք Տէվէճեանը եղած է նախկին նախարար, տարբեր ժամանակներ ան զբաղեցուցած է Ֆրանսայի արդիւնաբերութեան եւ տեղական ինքնակառավարման հարցերու նախարարի պաշտօնները, եղած է նաեւ Անթոնի շրջանի քաղաքապետ եւ Օ տէ Սէնի նահանգապետ: