Սիրելի հայրենակիցներ,
Կ՛ապրինք աննախընթաց օրեր: Բոլորս անխտիր կը գտնուինք վտանգուած նոյն նաւուն վրայ, որ կը դիմակալէ զինք խորտակել փորձող անողոք վարակ մը:
Համայն մարդկութեան սպառնացող այս վտանգին դիմաց անհեթեթ է նեղմտութիւնը, ցաւալի է հատուածապաշտութիւնը: Նման արհաւիրքներու դիմաց մեր ժողովուրդը ծանօթ է իր միասնականութեամբ: Ան միշտ վեր մնացած է կուսակցական, գաղափարական, համայնքային կամ դասակարգային տարբերութիւններէ կամ մրցակցութիւններէ:
Շնորհակալ ենք, որ կարգապահութեամբ կը հետեւիք մեր կոչերուն մնալով ձեր տուները՝ փորձելով անտեղի չվարակուիլ կամ վարակուելով պատճառ չհանդիսանալ այլոց հաւանական վարակումին:
Այս պահուս սակայն պէտք է նաեւ մտածել ու յիշել, որ կան մարդիկ, որոնք մոռնալով իրենց անձն ու ընտանիքը օր ու գիշեր իրենց մասնագիտութեամբ ու աշխատանքով կը ծառայեն բոլորիս անխտիր՝ հսկելով մեր առողջութեան: Անոնք բժիշկներն են բոյժքոյրերն ու բոյժօգնողներն են, Կարմիր Խաչի ծառայողներն ու առողջապահական համակարգի եւ հիւանդանոցներու համեստ աշխատաւորներն են:
Այսօր՝ Կիրակի 29 Մարտ 2020-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին Լիբանանի ամբողջ տարածքին բոլորս կանգնինք մեր պատշգամներուն վրայ ու պատուհաններուն առջեւ ու ծափահարենք մարդկութեան դիմագրաւած այս պատերազմին առաջին գիծի վրայ կռուող վերոյիշեալ երախտաւորներուն համար: Վայրկեանի մը համար գոնէ ծափահարենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու այդ յայտնի եւ անյայտ հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքի գնով կը պայքարին փրկելու համար մեր կեանքը:
Բոլորս ժամադրուած ենք այսօր երեկոյեան ժամը 8:00ին մեր քաղաքացիական եւ մարդկային նուազագոյն պարտքը կատարելու:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ