Լիբանանի կառավարութիւնը հաշուի առնելով «Քորոնա» վարակին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, որոշած է յատուկ ծրագրով մը օժանդակութիւն տրամադրել երկրի անապահով խաւին։
Կառավարութեան որոշումով նիւթական աջակցութիւն պիտի տրամադրուի 100 հազար ընտանիքի։
Կը նշուի նաեւ, որ տրամադրուելիք օգնութեան մէջ կարեւոր դեր ստանձնած են երկրի դրամատուները, որոնք շօշափելի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն։