Յայտարարելով, որ Լիբանան «ծայրայեղ վտանգ»ի առջեւ կը գտնուի, նախարարաց խորհուրդը Հինգշաբթի օրուայ իր նիստին ընթացքին, որուն նախագահեց նախագահ Միշէլ Աուն, երկրին տարածքին պարտադրուած առողջապահական արտակարգ իրավիճակը երկարաձգեց մինչեւ 12 Ապրիլ: Այս կարգադրութեան հետ կցելով նաեւ փակումը ամէն տեսակի հաստատութիւններուն ամէն երեկոյ ժամը 7էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 7 որոշ բացառութիւններով:
Այս որոշումը յայտարարեց Տեղեկատուութեան նախարարը: Մարդոց տեղափոխութեան հետ կապուած շարք մը սահմանափակումներու ասին ալ յայտարարուեցաւ առաջնահերթ նկատելով տան մէջ փակուած մնալը: