Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւնը խոր ցաւ կը զգայ հայորդի Պետրոս Օղկասեանի Քորոնա ժահրին հետեւանքով մահուան համար եւ իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ պարագաներուն ։
Գնահատանքի խօսք կ«ուղղենք բժշկական անձնակազմին եւ բոլոր անոնց որոնք պատնէշի վրայ են համաճարակի այս օրերուն
Ցաւ կը զգանք որ հաղորդակցութեան ընկերային ցանցերուն վրայ անհիմն եւ իրականութեանց չհամապատասխանող տեղեկութիւններ եւ մեղադրանքներ շրջագայած են պաշտօնակիցի մը հասցէին՝ անանուն աղբիւրի մը կողմէ։
Կոչ կ«ուղղենք համաճարակի այս տագնապալի օրերուն ականջ չտալ անանուն եւ անպատասխանատու արտայայտութիւններուն (եւ չտարածել), այլ վստահիլ միմիայն Քորոնայի Ճգնաժամի Շտապին փոխանցած տեղեկութիւններուն։
Անհրաժեշտ է զգոյշ ըլլալ ՝ միաժամանակ անընդունելի է խուճապ յառաջացնել։
Համախմբուինք Քորոնայի Ճգնաժամի Շտապին շուրջ եւ ամենայն բծախնդրութեամբ գործադրենք ցուցմունքները՝ որպէսզի կարենանք դիմակայել այս համաճարակը։
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ