Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Թալին Պապայեանի «Չարլզ»ը

Կազմակերպութեամբ Մեծագոյն Նիւ Եորքի Թէքէեան Մշակութային Միութեան՝ աշխարհահռչակ երգիչ Չարլզ Ազնաւուրի ստեղծագործական կեանքը բեմադրուեցաւ Կիրակի, Մարտ 1-ին Նիւ Եորքի Symphony Space-ի մէջ:

Աշխարհահռչակ երգիչ Չարլզ Ազնաւուրի ստեղծագործական կեանքը ներկայացնող այս իսկական արուեստի գործը, որուն հեղինակն ու բեմադրիչն է տաղանդաշատ Թալին Պապայեան, մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ լեցուն սրահի հանդիսականներուն կողմէ, ուր կը գտնուէին Նիւ Ճըրզիի Ծերակուտական Ռապըրթ Մենէնտեզը՝ (Դեմոկրատ), ՄԱԿ-ի մօտ Հայկական պատուիրակութեան զինուորական կցորդ գնդ. Տիգրան Յովհաննիսեան եւ երկրորդ քարտուղար Զոյա Ստեփանեանը:

Շարլ Ազնաւուրի կեանքն ու երաժշտական գետնի վրայ իրագործած անմրցելի յաջողութիւնները բեմին վրայ կեանքի բերող արուեստագէտները ժամանած էին Լոս Անճելըսէն, ուր անցեալ տարի երկու տարբեր առիթներով ներկայացուցած էին այս կտորը:

Երիտասարդ գրող եւ բեմադրիչ Թալին Պապայեանի անզուգական այս ստեղծագործութիւնը՝ «Չարլզ»  ներկաներուն մատչելի դարձուց հայազգի Ազնաւուրի կեանքին վերիվայրումները՝ մինչեւ անոր նուաճումը միջազգային ճանաչման գագաթնակէտին:

Թ.Մ. Միութեան ժրաջան ատենապետուհի Տիկ. Հիլտա Յարութիւնեան, ոչ մէկ ճիգ չէր խնայած ապահովելու համար այս եզակի ձեռնարկին յաջողութիւնը: Սրահը բացման ժամէն առաջ արդէն լեցուած էր:

Ազնաւուրի ամենաժողովրդային երկերէն 14-ը մեկնաբանեց Մորիս Սութճեան: Անսայթաք Ֆիզիքական նմանութեամբը մեծահամբաւ Ազնաւուրին՝ Մորիս, ազնաւուրեան կշռոյթով եւ ոճով հմայեց ներկաները:

Միւս կողմէ Պերնարտ Պայեր մարմնաւորեց երիտասարդ Ազնաւուրը: Ան մեծ հաղորդականութեամբ ինքնակենսագրականի բնոյթով պատմեց Ազնաւուրի կեանքը: Յաջողելու իր անընկճելի կամքը, չնահանջելու եւ իր երազը չլքելու յամառ իր վճռակամութիւնը, իր տոհմիկ արմատներուն հաւատարիմ մնալու իր դաւանանքը եւ վերջապէս իր ընտանիքին՝ հօրը եւ մօրը հետ անքակտելի իր կապը գրաւիչ կերպով դրուատեց տաղանդաշատ երիտասարդ արուեստագէտ Պայերը: Ազնաւուրի կեանքի դրուագները ներկայացնելու ընդմէջէն, ան դաշնակի վրայ նուագեց կարգ մը կտորներ ինչպէս նաեւ իբրեւ երիտասարդ Ազնաւուր մեկնաբանեց Ազնաւուրի կարգ մը երկերը: Հանդիսատես մը մեկնաբանելով այս ձեռնարկին իմաստը ըսաւ «Բովանդակ կեանքիս ընթացքին պաշտամունքով ունկնդրած էին Ազնաւուրի երկերը, սակայն զինք կենդանի կերպով տեսած չէի: Այսօր բեմին վրայ տեսայ Ազնաւուրը, կախարդական իր ձայնով եւ մեկնաբանութեամբ»:

Մորիս Սութճեանի արուեստագիտուհի դուստրը՝ Մարիէթ, խաղալով Ֆրանսացի համբաւաւոր երգչուհի Ետիդ Փիաֆի դերը առաւել վաւերականութիւն ներդրեց Թալինի այս գործին: Ինչպէս ծանօթ է, Ազնաւուր երբ կը մաքառէր իր տեղը գտնել Փարիզի քառասունական թուականներու երաժշտական կեանքէն ներս, երիտասարդ երաժշտական իր կեանքը ընդելուզուած էր Փիաֆի կեանքին հետ: Յաջողութեան հորիզոնները այն իրողութեան որ Ազնաւուր պէտք էր պայքարեր իր ներկայութիւնը պարտադրելու երաժշտական այդ նեղ շրջանակէն ներս՝ երբ միւս կողմէ Փարիզը Գերմանական Ֆաշիստներու գրաւման տակ կը գտնուէր: Թալին Պապայեանի հեղինակած եւ բեմադրած այս գործին մէջ կը գտնէք բազմաթիւ հետաքրքրական դրուագներ՝ Ազնաւուրի կեանքին հետ առնչուած: Թուենք մէկը միայն: Էտիդ Փիաֆ կը պատրաստուի Միացեալ Նահանգներ մեկնիլ, երգահանդէսներու շրջապտոյտով:

            Համաձայն կը գտնուի որ Ազնաւուր մաս կազմէ իր խումբին, պայմանաւ որ ան հոգայ իր ճանապարհածախսը: Ազնաւուրի Մեծ երազը իրականացման սեմին կը գտնուի, սակայն ո՞ւր է այդ գումարը: Հայր Ազնաւուր, բառացիօրէն տաժանակիր աշխատանքով կը վաստկի այդ գումարը, որպէսզի զաւակ Ազնաւուրը կատարէ այդ ճամբորդութիւնը: Երկար ուսումնասիրութիւններու եւ պրպտումներու արգասիքն է այս գործը: Թալին գրած է եւ բեմադրած այս ինքնատիպ կտորը, համադրելով բոլոր անհրաժեշտ  տարրերը, որոնք յաջողեցուցին այս ձեռնակը:

Մորիսի, Պերնարի եւ Մարիէթի եռեակին կ՛ընկերակցէր  նաեւ հայ բեմի զաւեշտի վարպետ Յարութիւն Սողոմոնեան: Ան կիթարի եւ աքորտիոնի վրայ կ’ընկերակցէր Մերթ Մորիսին եւ մերթ Պերնարին: Մինչ Լեւոն Կանիմեան թաւ կրկնակի պաս-ջութակի վրայ կ’ամբողջացնէր հիանալի այս խումբը:

 

Տեղին եւ խոստովանիլ թէ Թէքէեանի կազմակերպած «Չարլզ» այս համոյթը երազի երեւոյթ մըն էր մեծագոյն Նիւ Եորքի Հայ մշակութային կեանքէն ներս:

            Վերջերս այս գործը երկու անգամ ներկայացուած էր Լոս Անճելըսի մէջ, արժանանալով մեծ գնահատանքի:

            Ինչպէս, վերը նշեցինք, հանդիսատեսներու խուռներամ բազմութեան մէջ ուշագրաւ էր ներկայութիւնը Նիւ Ճըրզիի դեմոկրատ Ծերակուտական Ռապըրթ Մենէնտեզի: Վաղեմի եւ հաւատարիմ բարեկամը ամերիկահայութեան, ան ճարտարապետներէն մէկն է Քոնկրէսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Ո՞վ կրնայ չյիշել անոր յուզումնախառն ելոյթը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին առջեւ՝ երբ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պաշտօնական ճանաչման արժանացաւ:

            Հանդիսութեան աւարտին, բազմաթիւ ներկաներու կողքին, հայասէր Ծերակուտարանը բեմ բարձրացաւ անձնապէս շնորհաւորելու համար «Չարլզ»ի հեղինակ Թալին Պապայեանը յայտագրին մասնակցող արուեստագէտները եւ ձեռնարկը կազմակերպող ԹՄՄ-ի Վարչութեան անդամ-անդամուհիները:

            Ատենապետուհի Հիլտա Յարութեանի ձեռներեց աշխատանքը խորապէս գնահատելի է: Շահած ըլլալով իր վարչութեան անդամներուն վստահութիւնն ու համագործակցութիւնը՝ ան ապահոված եղաւ այս ձեռնարկին ամբողջական յաջողութիւնը: Աւելցնենք նաեւ թէ իր ճիգերուն իբրեւ արդիւնք Ծերակուտական Մենենտեզ ներկայ գտնուեցաւ այս յիշատակելի ելոյթին:

            Մեծապէս գնահատելի է նաեւ երիտասարդ գրող-բեմադրիչ Թալին Պապայեանի եզակի այս գործը, որուն ձգած տպաւորութիւնները, երկար պիտի մնան ներկաներուն յիշողութեան մէջ:

Թղթակից

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին