(Դերասան, Բեմադրիչ, Թարգմանիչ Եւ Թատերագէտ)
(Մահուան 5–րդ Տարուան Առթիւ)
* Ծնած է 1937 ին։ 16 տարեկանին սկսած է առաջին թատերական քայլերը առնել՝ Ժորժ Սարգիսեանի ղեկավարած Համազգայինի Գասպար Իփէկեան թատերախումբին մէջ։
* 1960 ին մեկնած է Լոնտոն, ուր հետեւած է Լոնտոնի «Վէպըր Տուկլաս Ակատեմի օֆ Տրամաթիք Արթ» թատերական դպրոցի դասընթացքներուն։
* 1965 ին վերադարձած է Լիբանան եւ թատերական բեմադրութիւններու սկսած է Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին հետ։
* 1967 ին հիմնած է «Թատրոն 67» թատերախումբը։ Ապա հրաւիրուած է Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ որպէս բեմադրիչ։
* 1979 էն 1987 ը տարիներուն, Հայաստանի մէջ բեմադրած է 5 թատերախաղեր։
* 1987 ին արժանացած է » Պետրոս Ադամեան» շքանշանին։
* 2000 ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ կը պարգեւատրուի » Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։
* Նոյն տարին (2000 ին) կը պարգեւատրուի նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ՝ Համազգայինի շքանշանով։
* 2004 ին կը պարգեւատրուի Լիբանանեան Համալսարանի Գեղարուեստի բարձրագոյն հիմնարկի շքանշանով։
* 2008 ին կը ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան «Ոսկի» մետալը։
* Նոյն տարին (2008 թ.) Ամենայն հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. ի ձեռամբ, կը պարգեւատրուի «Ս. Սահակ Ս. Մեսրոպ» շքանշանով։
* Վարուժան Խտըշեանը, աւելի քան 20 տարի Լիբանանեան Համալսարանի մէջ դասաւանդած է թատերական արուեստը։
* Թարգմանած է 22 թատերախաղեր։
* Բազմաթիւ կարծիքներ եւ գնահատանքներ գոյութիւն ունին՝ հայ թէ օտար մամուլին մէջ՝ իր մասին։
* Վ. Խտըշեանի բազմաթիւ բեմադրութիւններէն յիշենք՝ «Սալամի Վհուկները», «Իտալական Յարդէ Գլխարկը», «Կամուրջէն Դիտուած», «Գինը», «Բոլոր Զաւակներս», «Երկրորդ Պողոտայի Բանտարկեալը», «Կայսրը», «Հին Աստուածները», «Հանրային Պարտէզին Մէջ Բոպիկ», «Երկինքի Ճամբով», «Մեծ Վարպետ Սոլնես», «Մինչեւ Ուր», «Վենետիկի Վաճառականը», «Շեփորդ Հնչեցուր»,» Գիշեր Մը Դուրսը», «Մարա Սատ»,» Վերակացուն»,» Վենետիկեան Երկուորեակները», » Ո՞վ է Վախցողը Վէրճինիա Վուլֆէն», » Շէրի Նուար», «Բրիլեցի Եփէն»,» Պրիզպանի Գաղթականը», եւ այլ գործեր։
*Վ. Խտըշեանը նոր որակ բերաւ լիբանանահայ թատերական շարժումին։ Ան ուսուցանելու եւ բեմադրելու տեսակէտէն բացառիկ կարողութիւն ունէր։
* Թատերախաղերուն ընտրութեամբ, խաղարկութեամբ ու նոր ուժեր յայտնաբերելու բնազդով, Վարուժանը նոր որակի աւիւն մը բերաւ լիբանանահայ թատրոնին։
Յիշենք նաեւ որ Վ. Խտըշեանը յայտնաբերեց խումբ մը դերասան-դերասանուհիներ, որոնք տարիներով մեր բեմերուն զարդերը եղան։
Յիշատակդ անթառամ մնայ սիրելի վարպետ։
Յարգանքներս,
ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ