Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Մահագրական. Աս Ի՜Նչ Անհամ Կատակ Էր, Կարօ… Բժիշկ Կարօ Մահսերեճեանի Յիշատակին

Աս ի՜նչ անհամ կատակ էր, Կարօ՛..:

Ինչո՞ւ էր այս անսպասուած աճապարանքդ..:

Ինչո՞ւ էր կեանքէն հրաժարելու սա յանկարծակի մերժելի որոշումդ..:

Ինչո՞ւ համար այսքան արագ որբացուցիր քու անմիջական շրջապատդ ու սուգի մէջ մատնեցիր կողակից, զաւակներ, հարազատներ, բարեկամներ ու ընկերներ, ինչո՞ւ..:

…Լսեր էի, որ անհանգիստ ես եւ քառասուն օրեր առաջ հանդիպեցայ մօտդ ու առաջին անգամ ըլլալով այդ օր քեզ տեսայ տարօրինակօրէն հանդարտ վիճակի մէջ ու նստած..: Գիտէի… անողոք հիւանդութիւնը քեզմէ խլած էր նախկին խանդավառութիւնդ, աշխոյժ եռանդդ, բայց ո՛չ քու ունեցած կամքդ, հարազատի ջերմութիւնդ, ընկերային տրամադրութիւնդ եւ կատակելու բարի եւ փնտռուած զուարթ սովորութիւնդ՝ որուն կարօտցեր էի: Այլ խօսքով, ան չէր կրցած ընկճել քու հայու հպարտութիւնդ:

Այդ օր, ուրախ ու հաճելի տրամադրութեան մէջ խօսեցանք երկա՜ր-երկա՜ր… խնդացինք լիաթոք… վերյիշեցինք ու փորփրեցինք մօտիկ անցեալն ու պատահարները, պահ մը վերապրեցանք անցեալին մեր ունեցած ընկերային մտերմիկ պահերը, երբեմնի զուարթ օրերը, դամասկոսեան հաճելի հանդիպումները, մեր ընտանեկան երբեմնի բարի հսկումները, հիննալ չգիտցող մեր անմոռանալի յիշատակները, որոնք մերթ ընդ մերթ կը շարունակուէին նոյնիսկ մինչեւ լուսաբացները: Սիրելի կարօ, այդ օր՝ դուն, կողակիցդ՝ Սիլվան, ուստրդ՝ Սեւակը, ձեր ընտանեկան հարազատ բարեկամուհին Անին ու ես, բոլորս ալ լաւ տրամադրութեան մէջ էինք եւ պահիկ մը նոյնիսկ մոռցած հիւանդութիւն ու ցաւ, ապրեցանք պահուն հաճոյքը, սպասելով նախախնամութեան մէկ հրաշքին..:

Բայց…:
Բայց… ի՜նչ իմանայինք, կամ ինչպէ՜ս իմանայինք, որ այդ հանդիպումը մեր կամքէն բոլորովին անկախ պիտի ըլլար վերջինը մեր հանդիպումներուն եւ պիտի պատահէր՝ անպատահելին, որուն հետ չենք հաշտուած ու պիտի չհաշտուինք ալ երբեք: Բայց ինչպէ՞ս հաշտուինք սիրելի Կարօ՛… երբ դուն կեանքով ու խինդով, ոգեւորութեամբ ու խանդավառութեամբ լեցուն ու վառ կենդանութիւն էիր, բոլորը ոգեւորող, բոլորին կեանքի քաղցրութեան շիճուկը ներարկող ուրախ բժի՛շկը, ընկե՜րը, բարեկա՜մը կամ հարազա՜տը..:

Այո՛, գիտենք, որ կեանքի մէջ ամէն սկիզբ ունի իր աւարտը… բայց շատ անիմաստ տհաճ էր այս աւարտը Կարօ… տհաճ ու մերժելի էր այս վերջակէտը, որ կեանքի դիպաշարը ներկեց սեւ գոյնով: Մենք, անկախ մեր գիտակցութենէն, ամէն ինչ կը վերագրենք սա մութ ու դաժան ճակատագրին: Աս ի՜նչ անհասկնալի ու անըմբռնելի թուաբանական խնդիր է ճակատագիր կոչուածը, որ երբեմն ապրուած ներկան յանկարծ երկվայրկեանի մէջ կը յեղաշրջէ անցեալ ժամանակի՝ ձգելով որ մերժե՛ս, անիծե՛ս ու նզովե՛ս այդ անսպասելի պահը, երբ նոյն այդ «ճակատագիր» կոչուած հրէշը մեզմէ կը հեռացնէ հարազատներ,սիրելիներ, թանկագիններ, առանց նայելու մեր աչքի արցունքին, մեր սրտի ցաւին, մեր հոգիի տառապանքին՝ ետեւ ձգած լոկ յիշատակ ու երբեմնի ապրումներ միայն:

Այսօր, այս պահին սուգի մէջ են՝ Սիլվադ, զաւակներդ, քոյրերդ ու եղբայրներդ, ինչպէս նաեւ Մահսերեճեան ողջ գերդաստանը..: Չկա՛յ բոլորին սիրելի բոլորանուէր Կարօն… բոլորի կողմէ յարգուած Տօքթոր Կարօն… տարիներ շարունակ շա՜տ ու շատ կարիքաւորներուն ցաւերը մեղմած, շատերու ցաւերուն դեղ ու դարման դարձած անկրկնելի մարդկային Կարօն: Բայց արդեօ՞ք հնարաւոր է մոռնալ նման ազնիւ ու բարի նկարագիրով օժտուած ընկերային բարեմիտ ու բարեսէր անձնաւորութիւն մը: Երբե՛ք:

Սիրելի Կարօ, համոզուած եմ ու կը հաւատամ, որ դուն բաժնուեցար մեր բոլորէն միայն ֆիզիքապէս..: Քու յիշատակդ կենդանի ներկայութիւն է մեր բոլորին հոգիներուն մէջ: Դուն ամէն օր կ’ապրիս մեր հետ եւ մենք քու անունդ կը պահենք մեր շրթունքներուն վրան ո՛չ որպէս բոլորին հասած անգտանելի բժիշկ միայն, ո՛չ… մենք քու անունդ կը պահենք որպէս նուիրեալ կողակից, հոգատար հայր, հարազատ ընկեր, անսակարկ ու անշահախնդիր բարեկամ… իսկ ամէնակարեւորը՝ որպէս գլխագիր ՄԱՐԴ, որուն յիշատակին առջեւ կը խոնարհիմ, ըսելով.
– Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի բժիշկ, կարօտդ կը հիւծէ բոլորը..:

 

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին