Յաւելեալ 9 վարակուածներու քննութիւններու արդիւնքները դրական դուրս եկան երէկ յետմիջօրէին , այս ձեւով Լիբանանի տարածքին վարակուածներու պաշտօնական թիւը հասցնելով 158-ի:
Աւելի կանուխ ժամերուն Առողջապահութեան նախարարը արդէն յայտարարած էր, որ օրը կը յատկանշուի վարակուածներու թիւի յատկանշական բարձրացումով, որ այդ պահուն 16 էր:
Բարեբախտաբար մահուան պարագաներ չարձանագրուեցան երէկ:
Նախարարը խորհուրդ տուաւ յատկապէս Քսրուանի եւ Ժպէյլի բնակիչներ դուրս չգան իրենց տուներէն, որովհետեւ 6 պարագաներ արձանագրուած էին այդ շրջաններէն կարեւոր նորութիւնով, որ վարակուած անձերու վարակումին աղբիւրը անյստակ էր: Անոնք ո՛չ մէկ ձեւով շփում ունեցած էին դուրսէն եկող անձերու հետ: Հետեւաբար վարակի փոխանցումները սկսած են ըլլալ տեղական մակարդակով եւս: