Երկուշաբթի, 28. 04. 2025

spot_img

Քորոնա Ժահրի Կանխարգիլման Աշխատնքներուն Նպաստելու Նպատակով Լիբանանահայութեան Հոգեւոր Պետերու Հանդիպում

Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ արք․ Փանոսեան, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս․ Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր․ դոկտ․ Փոլ Հայտոսթեան,  հինգշաբթի, 19 մարտ 2020-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հանդիպում մը ունեցան՝ քննարկելու քորոնա ժահրի ստեղծած կացութիւնը։

Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ փոխադարձ գործակցութեամբ սերտելու գործնական կարելիութիւնները նախազգուշական աշխատանքներ իրականացնելու համայնքներուն մէջ։ Հոգեւոր պետերը հաստատեցին, որ այս ճգնաժամային օրերուն միասնական ճիգերով պէտք է յաղթահարել դժուարութիւնները, առանց խուճապային մթնոլորտ ստեղծելու։ Անոնք կոչ ուղղեցին խստօրէն հետեւելու պետութեան պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ թելադրանքներուն:

Անոնք յայտնեցին, որ քորոնա ժահրին տարածումը կանխարգիլող ծրագիրներով ու հայորդիներու գործնական մասնակցութեամբ եւ հաւաքական աղօթքով լիբանանահայու-թիւնը վստահաբար պիտի յաղթահարէ այս տագնապը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին