«Քորոնա» ժահրով վարակուածներու պաշտօնական թիւը ըստ երէկուայ հաստատումին բարձրացաւ 120-ի: Այս մասին յայտարարեց Առողջապահութեան նախարարը:
Առողջապահութեան նախարարը նոր 11 պարագաներու մասին յայտարարեց, որոնք փոխադրուած էին Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրիի անուան հիւանդանոցը:
Մինչ այդ, նոր հիւանդներու մասին հաստատուեցաւ, որոնք բուժուած են արդէն երկու անգամ ստուգուելէ ետք, որոնց արդիւնքը ժխտական դուրս եկած է:
Յիշեցնենք, որ սոյն ժահրով մահացաներու թիւը Լիբանանի մէջ բարեբախտաբար տակաւին կայուն կը մնայ 3-ի վրայ:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը շարք մը խորհուրդներ տուաւ քաղաքացիներուն ապահով մնալու համար անխնայ տարուող վարակէն: