Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

Ուսուցում Հեռատեսիլի Միջոցաւ Եւ Առ Ցանց Փրկելու Կրթական Տարին

Լիբանանի տարածքին գործող դպրոցները երկու շաբաթէ ի վեր անընդմէջ  փակ կը պահեն իրենց դռները եւ պիտի շարունակեն նոյնը ընել առնուազն մինչեւ այս ամսուայ աւարտը անսալով կառավարութեան որոշումներուն:

Ապահովելու համար աշակերտներուն ուսումնառութիւնը Կրթութեան Նախարար Թարէք Մաժզուպ Երեքշաբթի օր շարք մը որոշումներու մասին յայտարարեց, որոնք պիտանի են ուսուցումը արտադասարանային միջոցներով յառաջ տանիլ: Որոշումները կը միտին փրկել ուսումնական տարին:

Ըստ նախարարին Մայքրոսոֆթ ընկերութիւնը պիտի օժանդակէ ելեկտրոնային ուսուցման գործընթացին Լիբանանի ամբողջ տարածքին: Ծրագիրը պիտի օգնէ աշակերտին հաղորդակցութեան մէջ մտնել դաստիարակին կամ ուսուցիչին հետ եւ ստանալ  պարտականութիւններու յանձնել քննութիւններ:

Դպրոցի տնօրէններ մշտական կապի մէջ պիտի ըլլան Կրթութեան նախարարութեան հետ խորհրդակցելու այս միջոցառումին օգտակարութեան արդիւնքներուն մասին:

Վերոյիշեալը հանրային դպրոցներու պարագային: Ինչ կը վերաբերի սեփական վարժարաններուն, անոնցմէ շատեր այս միջոցին արդէն դիմած էին նախապէս:

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին