Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

Տեսանկիւն. «Քորոնա»

«Քորոնա»: Ընդամէնը մանրադիտակային (microscopic) ժահր մը, որ մարդուս գերակայ էակ մը ըլլալու առասպելը կործանեց: Ան նուազ քան երկու ամսուայ ընթացքին յայտնաբերեց մեր տկարութիւնը, մակերեսայնութիւնը, անկարութիւնը եւ անճարակութիւնը:

Մանրէակերպ ժահր մը մարդկային հազարաւոր տարիներու այսպէս կոչուած քաղաքակրթութիւնն ու գիտութեան մէջ նուաճումները ծաղրի առարկայ ըրաւ:

Որքա՜ն իրար վրայ խնթացած ու զիրար խաբած ենք: Հպարտացած ենք կեղծ տիտղոսներով եւ սուտ մակդիրներով: Որքա՜ն մեզի թուացած է, որ մենք ամէնաճիշդն ենք, ամէնախելացին, եւ ամէնազօրաւորը համեմատած բնութեան բաղկացուցիչ միւս բոլոր էակներուն հետ:

«Քորոնա»ն եկաւ փաստելու, որ մենք գերագոյններս՝ տկար, խեղճ, անյոյս  եւ կարեկցանքի արժանի էակներ ենք…:

Ո՞ւր են 20 մեծ պետութիւնները:

Ո՞ւր է ճարտարարուեստական պետութիւններ կոչուած հասկացողութիւնը:

Ո՞ւր են Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Եւրոպայի, Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Ճափոնի նման գերպետութիւնները:

Ո՞ւր են առաջատար համալսարանները, միջազգային ուսումնասիրական կեդրոնները:

Ո՞ւր են նոպէլեան մրցանակակիր հերոսները:

Բրիտանիոյ (Մեծն Բրիտանիոյ) վարչապետը իր վերջին ելոյթին մէջ քիչ մնաց, որ կոչ ընէր իր քաղաքացիներուն, հրաժեշտ տան իրենց սիրելիներուն…:

ԱՄՆ նախագահը իր երկիրը գոյացնող Եւրոպայի հետ փոխադրական կապը կտրելու որոշում կը կայացնէ:

Գանատայի վարչապետը ինքզինք կը մեկուսացնէ:

Սինեմաշխարհի աստղեր, մարզական մեծագոյն ակումբներ, համաշխարհային ախոյանութիւններ, թատերասրահներ եւ սինեմայի սրահներ, փառատօներ, ցուցահանդէսներ, դպրոցներ, համալսարաններ… բոլորը, բոլորը կը դադրեցնեն իրենց  աշխատանքները…:

Շոգեկառքի կայաններ, օդակայաններ, փոխադրական միջոցներու կայարաններ անդամալուծուած են ու ամայացած:

Դասական ձեւով իրար բարեւելը արգիլուած է, մինչ համբուրուիլը՝ ոճիր է արդէն: Չէր բաւեր արհեստագիտութեան պատճառած աւերը ինչ կը վերաբերի մարդոց ընկերային յարաբերութիւններուն, մարդիկ սկսած են ակամայ ինքնամեկուսացման…

Ժողովրդային հաւաքատեղիները մարդոց վարակելու որպէս թակարդ կրնան միայն ծառայել այսօր :

Ամէն կրօններու սրբավայրերը փակուած են:

Անձկութիւնը, կասկածն ու վախը կը կրծեն մեր հոգիները՝ վտանգելով մեր միտքի առողջութիւնը…:

Այս բոլորը միջուկային պատերազմի արդիւնքով չէ, ոչ ալ արտերկրային էակներու յարձակում մեր մոլորակին վրայ: Այս բոլորը ընդամէնը մանրաչափ ժահրի մը պատճառով է, որուն դիմակայելու պատրաստ չենք հակառակ մեր բոլոր յոխորտանքներովն ու ինքնագովութեան..: Խօսքս անոր դեղամիջոցին մասին չէ անպայման, այլ այն բժշկական տարրական միջոցներու գոյութեան՝ թթուածին հասցնելու բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունին անոր…:

Ընդամէնը մանրէակերպ ժահր մը ծունկի բերած է զրահապատներու շարասիւներ, պատերազմական օդանաւեր, ամէնաարդիական ռատիոտեղակայանքներ (radar), նաւատորմիղ եւ զինամթերք: Այսօր անոնք ընդամէնը ապուշ գործիքներ են եւ անկարող՝ մարդկութեան սպառնացող յարձակումը կասեցնելու: Անոնք ոչ իսկ կարողութիւնը ունին «թշնամիին» սպառնալու:

Աշխարհի տնտեսութիւնը ամբողջութեամբ անդամալուծուած է, միջազգային սակարաններ կ՛օրօրուին, քարիւղի տակառի գիները կ՛իյնան..:

Աղքատին ու հարուստին միեւնոյն վտանգը կը սպառնայ:

Անցեալ դարաշրջաններու ընթացքին մարդկութիւնը մեծ թիւով պատերազմներ մղած է միշտ ջանալով կործանել միւսը: Ազգեր փորձած են բնաջնջել ուրիշ ազգեր ու երկրի երեսէն վերացնել ուրիշ ցեղեր կամ մշակոյթներ:

Արշաւանքներ, դաւադրութիւններ, եւ մարդկային արիւնի հանդէպ անարգանք:

Պայքարներ եւ մրցակցութիւններ: Երկու աշխարհամարտեր եւ պաղ պատերազմ…:

Ճնշումներ փոքր ազգերու վրայ եւ չարաշահում ուրիշ երկիրներու:

Արեան գետեր: Որբերու, այրիներու, վիրաւորներու, հաշմանդամներու, անօթեւան ծերունիներու, սովամահներու բանակներ…:

Այս բոլորը, որպէս արդիւնք այսպէս կոչուած մարդկութեան անյագութեան եւ ագահութեան եւ ուրիշը ճնշելու ու անոր ունեցուածքը իւրացնելու տենչին… ես այս բոլորը ո՛չ միայն պետութիւններու մակարդակով, այլ նաեւ անձերու եւ հաւաքականութիւններու մակարդակով ալ..:

Այսօր, այս բոլորը արդէն անիմաստ են ու անդունդի եզրին…:

Ամեն մեծ փոքրացած է, ամէն ուժեղ՝ տկարացած իսկ ամեն հարուստ՝ աղքատ է արդէն…:

Իսկ եթէ համաշխարհայնացումը (globalization)աշխարհը փոքր գիւղի վերածած էր, «քորոնա»ն այսօր, զայն վերածեց մեծ… փուչիկի:

 

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին