Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

Ահազանգային Վիճակը Աւելի Եւս Բարձրաղաղակ Դարձաւ. Երէկ 4 Նոր Պսակաձեւ Ժահրով Վարակակիրներ Արձանագրուեցան, Անոնց Ընդհանուր Թիւը Հասցնելով 32-ի

Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրիի անուան պետական հիւանդանոցը պսակաձեւ ժահրով վարակուածներու 4 նոր պարագաներու իր մօտ գրանցումին  մասին յայտարարութիւն տարածեց: Այս յայտարարութեամբ Լիբանանի մէջ պաշտօնապէս գրանցուածներու թիւը հասաւ 32-ի:

Աւելի առաջ Լիբանանի  առողջապահութեան նախարար  Համատ Հասանի  վկայութեամբ, երկրին մէջ պսակաձեւ ժահրի վարակը   մտած է  նոր  տարածման  փուլ  մը,  որ կրնայ   համատարած   համաճարակի վերածուիլ։

Նախարարը,  որ      խօսած է  ընդհանուր   իրավիճակին մասին նաեւ նշած է, որ     դիմած է    Լիբանանի  առողջապահական ոլորտի  բոլոր հաստատութիւններուն եւ գործիչներուն   եւ անոնցմէ   պահանջած առաւելագոյնի  հասցնել   սոյն ժահրին դէմ  պայքարի    համար  ձեռք   առնուող   միջոցառումները։

Ամէն օր նոր պարագաներու արձանագրութիւնը մղած է նախարարին, որ հաստատէ, թէ  վարակը  մտած է  արագ  տարածման   վտանգաւոր եւ մտահոգիչ  փուլը։

Այս բոլորի  լոյսին  տակ Լիբանանի  պատկան մարմիններ կը փորձեն պայքարիլ   վարակի  տարածման  դէմ։ Այս պատճառով Լիբանանի տարածքին գործող ուսումնական հաստատութիւնները շաբաթ մը եւս փակ պիտի մնան՝ մինչեւ 15 Մարտ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին