Մարտ 6-ին, մինչ Լիբանանի բոլոր վարժարանները կը մնային փակ՝ քորոնա ժահրին (վիրուսի) ստեղծած տագնապին պատճառով, Մեսրոպեանի մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի մաքրութեան աշխատողներու վերապատրաստութեան դասընթացք մը, ինչպէս նաեւ կատարուեցան վիրուսներու տարածման դէմ վերազինման նոր աշխատանքներ:
Դասընթացքը վարեց Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի բաժանմունքի պատասխանատու պարոն Սերժ Հաննա, որ սահիկներու օգնութեամբ մանրամասնօրէն բացատրեց վարժարանի մաքրութեան սկզբունքները, մաքրութեան աշխատանքի նպատակները, զայն կատարելու միջոցները, տարբեր գործողութիւններու իւրայատկութիւններն ու յաճախականութիւնը, տարածուած թիւրըմբռնումները եւ զանոնք սրբագրելու կերպերը:
Պարոն Հաննա նաեւ հաղորդեց, որ այսուհետեւ Մեսրոպեանի մէջ ի գործ պիտի դրուին ստուգման թերթիկներ, որոնց համաձայն գնահատական պիտի տրուի մաքրութեան տարբեր աշխատանքներուն, անոնք ըլլան օրական, շաբաթական, ամսական թէ տարեկան դրութեամբ: Այսպիսով վարժարանի մաքրութեան միջավայրը պիտի դառնայ ալ աւելի վերահսկելի:
Այնուհետեւ դասընթացքը շարունակեց ezoMED ըներութեան պատասխանատու ներկայացուցիչը, որ մաքրութեան աշխատողներուն ներկայացուց ընկերութեան հականեխիչ արտադրութիւնները եւ զանոնք գործածելու կերպերը: ezoMEDի արտադրութիւնները ներկայիս կը համարուին լաւագոյններէն՝ դասարաններու, զուգարաններու, ընդհանուր օգտագործման տարածքներու, ինչպէս նաեւ անձնական հականեխման միջոցներուն մէջ:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ այս առիթով շեշտեց մաքրութեան աշխատողներու պատասխանատուութիւնը՝ վարժարանի մաքուր եւ ապահով միջավայրի պահպանման մէջ եւ անոնց կարեւոր դերը՝ դպրոցական համայնքի բոլոր անդամներու առողջութեան ապահովման մէջ:
Նոյն օրը Մեսրոպեանի մէջ զուգարաններէն եւ լուացարաններէն հանուեցան ձեռք չորցնելու լաթերը, որոնց փոխարէն դրուեցան ելեկտրական չորացուցիչներ: Ժահրերու (վիրուսներու) տարածումը արգիլելու նպատակով, գործածութենէ հանուեցան նաեւ սովորական օճառասալիկները եւ անոնց փոխարէն գործածութեան մէջ մտաւ հեղուկ տեսակը:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի