Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

Տոլարին Գինը Դարձեալ Կը Մագլցի

Լիբանանի ելեւմտական շուկաները  ցնցումնային վիճակ կ՛ապրին։

Մինչ անցնող օրերուն ամերիկեան տոլարին սակը կը շրջանառուէր շուրջ 2200 լիբանանեան թղթոսկիի արժէքով, երէկ տոլարը դարձեալ հասաւ 2500 թղթոսկիի շեմը։

Ելեւմտական իրադրութեան հետեւող շարք մը վերլուծաբաններու կարծիքով տոլարի սակին  բարձրացումը  կապ ունի եւրոպոնտ անունով  յայտնի Լիբանանի արտաքին պարտքին  մարման ժամկէտին մօտեցման  հետ, որ կը զուգադիպի յառաջիկայ օրերուն ։

Յիշեցնենք, որ  վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը մինչեւ այս պահը վերջնական որոշում չէ կայացուցած, այն մասին, որ պիտի վճարէ իր պարտքը կամ թերանալով  նոր  տագնապի պիտի տանի երկիրը։

 

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին