Պսակաւոր ժահրով վարակուած երկու նոր պարագաներ արձանագրուեցան երէկ Լիբանանի մէջ: Այս նոր զարգացումով Լիբանանի մէջ Պսակաձեւ ժահրով վարակուողներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 15ի:
Հիւանդներէն մէկը անմիջապէս փոխադրուեցաւ Ռաֆիք Հարիիրիի անուան պետական հիւանդանոցը, իսկ միւսը, որ Եգիպտոսէն եկած անձ մըն էր նախ դարմանուիլ փորձելէ ետք Ժիպէյլի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ ախտաճանաչումէ ետք անմիջապէս փոխադրուած է վերոնշեալ հիւանդանոցը: