Պսակաձեւ ժահրով վարակուած 3 նոր պարագաներ հաստատուած են Լիբանանի մէջ: Այս մասին տեղեկացուց երէկ Առողջապահութեան նախարարութիւնը: Այս նոր զարգացումով պսակաւոր ժահրով վարակուած հիւանդներուն ընդհանուր թիւը Լիբանանի մէջ բարձրացաւ 13-ի:
Ըստ նախարարութեան վերջին վարակուողները ժահրը ստացած են սուրիացի հիւանդէ մը, որուն հետ շփման մէջ եղած են անոնք:
Յիշեցնենք, որ Լիբանան որոշում կայացուց ճամբորդներ ընդունիլ վարակի մեծ ցուցանիշ ունեցող երկիրներէն ինչպէս Չինաստան, Հարաւային Քորէա, Իրան եւ Իտալիա: