Լիբանանի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած հիւանդներուն թիւը երէկ գիշերուայ հաշուարկով հասաւ 10-ի։ Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը։ Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ 10 հիւանդներն ալ կը գտնուին Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրիի անուան հիւանդանոցին մէջ։
Բոլոր հիւանդներն ալ Իրանէն վերջերս եկած են Պէյրութ կամ այնտեղէն եկած վարակուած հիւանդներու անմիջական շրջապատին մէջ գտնուած են այստեղ:
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը պահանջեց վարակուած երկիրներէ եկողներուն ուշադիր ըլլան եւ ինքզինքնին մեկուսացնեն մինչեւ ապահով ըլլան, որ նշեալ ժահրը չեն կրէր:
Նախարարութիւնը հեռախօսի թիւ դրաւ քաղաքացիներուն տրամադրութեան տակ, որպէսզի կարելի ըլլայ արագ տեղեկացնել ոեւէ կասկածեալ վիճակի մը մասին: Թիւը հետեւեալն է՝ 76-592699.
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի կրթութեան նախարարութիւնը պսակաձեւ ժահրի տարածման դէմ պայքարելու նպատակով յարմար նկատեց երկրի բոլոր վարժարանները փակ պահել մինչեւ յառաջիկայ 8 մարտը։