Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Շնորհաւորական Այցելութիւնը  Նախարար   Օհանեան-Գէորգեանին

Չորեքշաբթի,   26  Փետրուար  2020-ի առաւօտեան,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը  ներկայացնող պատուիրակութիւն  մը, ատենապետ Վիգէն Չերչեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց   Լիբանանի  երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան  նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին, անոր  գրասենեակին մէջ:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ  շնորհաւորելու  նախարար  Օհանեան-Գէորգեանը՝  իր ստանձնած պաշտօնին առիթով: Կեդրոնական Վարչութեան  պատուիրակութիւնը   հակիրճ  ծանօթութիւններ  տուաւ  նախարարուհիին  ՀԵԸ-ի գործունէութեան շուրջ:

Նախարարուհին  բարձր  գնահատեց   երիտասարդութեան դերը մեր  ընկերութեան մէջ  աշխուժացնելու Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան  աշխատանքները, վստահեցնելով որ  նախարարութիւնը  պատրաստ է   մարզական, երիտասարդական  տարբեր ոլորտներու մէջ աջակցութեան:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին