Պատիւն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու այցելութիւնը «Սիլվա Կապուտիկեան» Գրական Հիմնադրամի Տնօրէն եւ Տուն-Թանգարանի Վարիչ՝
Արմենուհի Դեմիրճեանին:
Տիկ. Դեմիրճեանին կ՛ընկերակցէին Տիկ. Ռիթա Ժամկոչեան-Պոյաճեանը եւ Օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեանը՝ պատասխանատուները ՏԻՐ Կրթամշակութային կեդրոնին, որ իր կրթական աշխատանքներուն կողքին կը նպատակադրէ նաեւ օժանդակել հայ մշակոյթի, մայրենի լեզուի պահպանման ու տարածման:
Մեր հիւրերէն իմացանք, որ հիմնադրութեան նպատակին հաւատարիմ ՏԻՐ Կրթամշակութային կեդրոնին կազմակերպութեամբ՝ յառաջիկայ Ուրբաթ, 28 Փետրուար 2020ի երեկոյեան ժամը 7:30ին տեղի պիտի ունենայ Մայրենի լեզուն փառաբանող բանաստեղծուհիին՝ Սիլվա Կապուտիկեանին ծննդեան 100+1 ամեակի նշումը Մարաշի Հայրենակցական Միութեան սրահին մէջ, Գերմանիկ Կեդրոն Պուրճ Համուտ:
Ձեռնարկին, որ պիտի ունենայ օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը, գլխաւոր բանախօսուհին պիտի հանդիսանայ Տիկ. Արմենուհի Դեմիրճեանը:
Տիկ. Դեմիրճեանի ներկայութիւնը խմբագրատանս մէջ առիթ մըն էր հինէն նորէն խօսելու եւ վերյիշելու կամ ծանօթանալու Սիլվա Կապուտիկեանի Պէյրութ այցելութեան դրուագներուն, որոնք տեղի ունեցած են 1960ական թուականներուն եւ երկրորդ անգամ 1996ին:
Մեր մօտ իր այցելութեան ընթացքին Տիկ. Դեմիրճեան, որ իր լրագրողի հանգամանքով նաեւ որպէս բարեկամուհի՝ տարիներու ընկերակիցը եղած է մեծ բանաստեղծուհիին, առիթը ունեցաւ Սիլվա Կապուտիկեանին՝ իր համար սրտամօտիկ քաղաք Պէյրութ այցելութեան ատենի լուրերը կարդալու «Զարթօնք»ի արխիւին մէջ:
Դարձեալ հանդիպելու եւ մնայուն գործակցութեան խոստումով մեր ազնիւը հիւրերը մեկնեցան մեր խմբագրատունէն:
«Խմբ.»