Նախնական տուեալներով Լիբանանի մէջ Քորոնա ժահրը կրող երկրորդ պարագայ մը գրանցուած է։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Լիբանանի Ձայն» կայանը նշելով նաեւ, որ հարաւային Սայտա գտնուող հիւանդ մը, որուն Քորոնա վարակ կրելու վերաբերեալ կասկածներ առաջացած են փոխադրուած է Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրիի անուան հիւանդանոց։
Այսօրուան դրութեամբ սակայն Պէյրութի մէջ, ըստ պաշտօնական տուեալին, կայ միայն Քորոնա ժահրի մէկ վարակակիր:
Նշենք, որ կառավարութեան որոշմամբ Ռաֆիք Հարիրիի անուան պետական հիւանդանոցը կը համարուի Քորոնա ժահրի վերահսկողութեան եւ պայքարի գլխաւոր բուժման կէտ։