Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի չորրորդ դասակարգի ախոյեանութիւնը աւարտեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի փայլուն յաղթանակով: Աւարտական մրցումին, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս՝ 72-62 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հուփս Մեթնը:
Ախոյեանութեան տիտղոսակիրը որոշող այս կարեւոր հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 Փետրուար 2020-ին, Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին մէջ, Ճիւնի:
Չորրորդ դասակարգի ախոյեանութեան կը մասնակցէին 96 խումբեր: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի տղաքը ախոյեանութեան բոլոր հանդիպումները աւարտեցին յաղթանակով եւ արժանիօրէն հասան աւարտականին: Կ’արժէ նշել, որ մեր տղաքը աւարտական մրցումին հասնելէ առաջ իսկ, յառաջիկայ մարզական տարեշրջանին համար ապահոված էին երրորդ դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցելու իրենց ուղեգիրը:
Աւարտականի առաջին իսկ վայրկեանէն, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի տղաքը վերցուցին մրցումին նախաձեռնութիւնը եւ տասը կէտերու առաւելութեամբ փայլուն յաղթանակ մը արձանագրեցին մրցակիցին դէմ: :
Մրցումը աւարտելէ ետք, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպէլ Ռըզք, ֆետերասիոնի անդամ Էտի Ապուզախմ, ՀԵԸ –ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամ Յակոբ Ճըղլեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մարզիկներուն յանձնեցին ախոյեանութեան բաժակը եւ ոսկէ մետալները:
Գնահատանքի խօսք՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինին, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի երիցական կազմին, ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբին, ՀԵԸ-ի բոլոր մարզական խումբերուն, թրիւպիւնները լեցուցած մեծ թիւով համակիրներուն, որոնք մարզավայել ոճով քաջալերեցին իրենց սիրելի խումբը:
Այս ուրախ առիթով, յանուն բոլոր ՀԵԸ-ականներուն, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մարզիկները, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մարզիչ՝ Ժորժ Տաղերը, օգնական մարզիչ՝ Յարութ Գուզուճեանը, վարչական պատասխանատու՝ Թոնի Ճունթոյեանը:
Կիրակի, 23 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան, ի պատիւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մարզիկներուն տեղի ունեցաւ ընթրիք մը: Այս ուրախ մթնոլորտին մէջ խօսք առաւ ՀԵԸ –ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը: Ան շնորհաւորեց ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի մարզիկները, խումբին մարզիչը, վարչական պատասխանատուները փայլուն յաղթանակին առիթով եւ յուշանուէրներով պատուեց խումբին մարզիչ Ժորժ Տաղերը, մարզիկ Ամէր Քումերը՝ յաղթանակին մէջ իրենց ներդրումին համար:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ