Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը միացեալ պաշտամունքով մը նշեց Սրբոց Վարդանանց Տօնը Հինգշաբթի առաւօտ, 20 Փետր. 2020ին, Հայ Աւետ. Էմմանուէլ Եկեղեցիին մէջ, Նոր Ամանոս։ Օրուան պատգամաբերն էր Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ՝ Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, նաեւ ՄԱՀԱԵՄի Կեդրոնական Մարմինի նորընտիր ատենապետը։ Ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Դեսպանը Վահագն Աթաբէկեանը։
Պատգամաբերը իր խօսքերը հիմնեց Աւետարան ըստ Մատթէոսի մէջ գտնուող «Լերան Քարոզ»ի Քրիստոսի խօսքերուն վրայ, ուր կոչ կ՚ընէ իր հետեւորդներուն որ՝ «երկրի վրայ գանձ մի՛ դիզէք», եւ «չէք կրնար ծառայել երկու տէրոջ» (Մատթ. 6.24-34)։ Դոկտ. Հայտօսթեանը հակադրեց ժամանակաւոր շահերը եւ մտահոգութիւններով մղուիլը , մնայուն եւ յաւիտենական արժէքներով մղուելու հետ։ Վարդանանք առնելով որպէս օրինակ, ան շեշտը դրաւ անոր իմաստութեան վրայ որ ցոյց տուաւ, ընտրելով այն ինչ որ դժուարին օրերուն մէջ իր արժէքը պիտի փաստէ, եւ նմանցուց Ե. դարուն մարտահրաւէրներու բնոյթը այսօրուան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրներու բնոյթին, Լիբանանի, Հայաստանի, կամ որեւէ տեղ ուր հայ ժողովուրդը կը գտնուի։
Պէյրութի Հայ Աւետ. եկեղեցիներու հովիւները պաշտամունքը առաջնորդեցին եւ դաշնամուրի ու սրինգի նուագակցութիւնը կատարեցին Տիկ. Եսթեր Քիլաղպեանը եւ Վեր. Նշան Պագալեանը ։ Նաեւ մասնակցութիւն բերին՝ երգով Նոր Մարաշի Հայ Աւետ. Երկրորդական Վարժարանի երգչախումբը եւ ասմունքով Էշրէֆիէի Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի աշակերտուհի Կայէլ Ապուսէֆեանը, իսկ դուդուկի նուագով Պրն. Րաֆֆի Չիլինկիրեանը։
Միացեալ պաշտամունքին աւարտին՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, Նախագահ ՄԱՀԱԵՄի, իր օրհնութեան աղօթքով արձակեց ներկաները։