Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

«Եթէ Լիբանան Կարիքը Ունի Ֆինանսական Օգնութեան, Ֆրանսան Իր Կողքին Է». Ֆրանսայի Ֆինանսներու Նախարար

«Ֆրանսան պատրաստ է օգնելու Լիբանանին թէ ուղղակի ճամբով կամ հաւաքական»: Այսպէս յայտարարեց Ֆրանսայի ֆինանսներու նախարարը: Ան իր խօսքին մէջ զգուշացուց տնտեսական բարեփոխումները քաղաքական օրակարգի հետ խառնելէ, որ ԱՄՆ քաղաքականութիւնն է մերձաւոր արեւելքին մէջ պայքարելու Իրանին դէմ:

«Ֆրանսան անցեալին միշտ պատրաստ եղած է օգնելու Լիբանանին: Նոյնը պիտի շարունակէ նաեւ ապագային» շեշտեց Պրունօ լէ Մէրը իր կեցուածքը յայտնելով »Ռօյթըրզ»ին  (G20) երկիրներու ֆինանսներու պատասխանատուներու ժողովին աւարտին:

Այս լաւատեսութիւն ներշնչող յայտարարութիւնը եկաւ այն պահուն երբ կարգ մը աղբիւրներ յայտնեցին, որ Միջազգային Դրամատան պաշտօնակատարները գոհ չեն Լիբանանի մէջ իրենց տեսակցութիւններէն: Անոնք կառավարութեան քայլերը տնտեսական տագնապը լուծելու ճամբուն վրայ՝  լուրջ չեն տեսնէր :

Աշակերտներէ Պահանջուեցաւ Դասարան Չներկայանալ Քորոնա Ժահրի Կանխարգելման Ծիրէն Ներս: 

Այն ծնողները որոնք վերջերս այցելած են վարակուած երկիրներ պէտք է զգուշանան իրենց զաւակները դպրոց ղրկել 15 օրերու համար: Այս մասին յայտնեց Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարը:

«Կրթութեան նախարարութեան հետ գործակցաբար կը պահանջենք այն ծնողներէն որոնք վերջերս այցելած են Իրան եւ այն բոլոր երկիրները ուր քորոնա ժահրը յայտնուած է, իրենց զաւակները դրոց կամ համալսարան չղրկեն մինչեւ 15 օր, որպէս կանխազգուշական միջոցառում» ըսաւ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանը:

Նշենք, որ Իրանի մէջ քորոնայով վարակուածներու թիւը կ՛աւելնայ ուր կ՛աճի նաեւ անոր զոհ՝ մահացողներու թիւը:

Յայտարարուած է, որ մինչեւ այս պահը աշխարհի տարածքին 76000 վարակուածներ կան որոնցմէ 2400-ը մահացած են:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ քորոնայի առաջին պարագան արձանագրուեցաւ նախորդ Ուրբաթ օր:

Վարակուած հիւանդը 45ամեայ լիբանանցի կին մըն է, որ Պէյրութ հասած էր գալով Իրանի Քորմ քաղաքէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին