Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ Ի Յիշատակ Տիգրանակերտցի Ննջեցեալներուն Եւ Հայրենակցական Միութեան Անդամներու Հաւաք

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան, Կիրակի 16 Փետրուար, 2020-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ի յիշատակ տիգրանակերտցի նոր ու հին ննջեցեալներուն եւ նահատակներուն:

Կրօնական արարողութեան մասնակից եղան միութեան անդամները ապա հաւաքուեցան “Եռագոյն” սրահ, ուր մատուցուեցաւ հոգեսուրճ եւ կատարուեցաւ աղօթք՝ ննջեցեալներու հոգւոյն համար:

Այս առիթով, վարչութեան անդամները կատարեցին միութեան անդամացուցակներու թարմացում:

Խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ պարոն Կրէկուար Գալուստ: Ան մասնաւորապէս ըսաւ, որ վարչութիւնը կ՛աշխատի միութիւնը պաշտօնապէս գրանցել լիբանանեան օրէնքին համաձայն, նոր անդամներ հաւաքագրել եւ անդամացուցակները թարմացնել, հաստատել անդամաքարտի դրութիւն, որմով կարելի դառնայ որոշակի առաւելութիւններ ընձեռել միութեան անդամներուն՝ զանազան հաստատութիւններէ կատարուած գնումներուն կամ ծառայութիւններէն օգտուելու ժամանակ ինչպէս նաեւ աշխուժացնել միութեան ներկայութիւնը ընկերային ցանցերուն վրայ, օգտագործելով գլխաւորաբար Facebook-ը եւ WhatsApp-ը:

Ատենապետը՝ անդամները հրաւիրեց մասնակցելու 22 Մարտին տեղի ունենալիք ընկերային հաւաքոյթին, որուն ընթացքին միութեան անդամներու պատրաստութեամբ պիտի մատուցուին Տիգրանակերտի աւանդական ճաշատեսակներ:

Դիւան՝

Լիբանանի Տիգրանակերտի

Հայրենակցական Միութեան

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին