Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երջանկայիշատակ Վեհափառ Հայրապետներուն Եւ Երանաշնորհ Միաբան Հայրերու Հոգիներուն Համար

Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան Յուշարձան-Դամբարան»ին մէջ, ներկայութեամբ միաբան հայրերու եւ հաւատացեալներու, կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ հայրապետներուն եւ լուսահոգի միաբաններուն հոգեհանգիստը, որուն նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։

Արդարեւ, սոյն հոգեհանգստեան պաշտօնը, որ աւանդութիւն դարձած է Փետրուար ամսուան ընթացքին կատարել Կաթողիկոսութեան թեմերուն բոլոր եկեղեցիներէն ներս, առիթ է ոչ միայն յիշելու մեր Վեհափառ Հայրապետներուն եւ հոգեւոր հայրերուն նուիրական ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, այլեւ այն եզակի դերը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ունեցաւ ցեղասպանութենէն ետք Սփիւռքի կազմակերպման աշխատանքին մէջ, ինչպէս նաեւ վերանորոգելու մեր ուխտը՝ ծառայական նոյն ճամբան շարունակելու, որպէսզի նոր եռանդով շարունակենք մեզի կտակուած աւանդն ու Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին