11 Փետրուար, 2020-ին, HKEC կրթական ընկերութեան ներկայացուցիչ տիկին Սեւան Քենտիրճեան Շերպեթճեան Մեսրոպեան վարժարանի նախակրթարանին մէջ սկսաւ աշակերտներուն ներկայացնել SEMAS հաշուողական դրութիւնը, որ մեծապէս կ՛օգնէ զարգացնել աշակերտներուն մտային- հաշուողական կարողութիւնները՝ Soroben կոչուած գործիքին օգտագործումով:
Ներկայացման ընթացքին տիկին Շերպեթճեան աշակերտներուն հետ կատարեց նաեւ ուղեղային մարզանքի աշխատանքներ, որոնք կ՛օգնեն աւելի արագ տեսնել թուաբանական խնդիրներու լուծումները՝ մտովի, առանց դասական հաշուողական ձեւերուն:
SEMAS դրութիւնը կը կիրարկուի աշխարհի տարբեր կրթական կեդրոններու մէջ, որովհետեւ անիկա կը զօրացնէ նաեւ աշակերտներու յիշողութիւնը, դասերու ըմբռնումը, կեդրոնացումը եւ ստեղծագործալանութիւնը:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի