Մէկ կողմէն ապահովական ուժերը միւս կողմէն հակակառավարական բողոքարարներ իրենց մկանները կը տաքցնեն դէմ յանդիման գտնուելու համար Պէյրութի կեդրոնական շրջաններուն մէջ այսօր մինչ Կառավարութեան վստահութեան քուէին յատկացուած խորհրդարանական նիստը պիտի գումարուի:
Որպէս նախապատրաստական քայլեր, ապահովական ուժերը աւելի եւս ամրացուցին խորհրդարան տանող անցքերուն շուրջ բարձրացուած պեթոնէ պատերը: Մինչ ցուցարարները ընկերային համացանցի իրենց էջերուն վրայ աշխուժութեամբ դէպի հրապարակ հրաւիրեցին ժողովուրդը:
Ալ Մուսթաքպալ պլոքը, որ նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի չքուէարկէ նոր կառավարութեան օգտին, անգամ մը եւս հաստատեց իր կեցուածքը՝ ցաւ յայտնելով, որ երկրին մէջ գոյութիւն ունի համայնքային եւ ցեղապաշտական մթնոլորտ, որ նման է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն օգտագործուած լեզուին:
Former Prime Minister Saad Hariri’s Future Movement Monday hit out at a return to “racist and sectarian rhetoric” in modern politics.
Մարոնիթ եկեղեցին, որ շաբաթավերջին նշեց համայնքի առաջնորդ Մար Մարունի տօնը, առիթը օգտագործեց քննադատելու ժողովուրդի կամքին հակառակ գործող պետութիւնը: Գրեթէ բոլոր եկեղեցիներու քարոզներու թեման նոյնն էր , սակայն Պէյրութի հրապարակին վրայ Մար Մարունի անուան եկեղեցիին մէջ , ուր ներկայ էին երկրին նախագահը, վարչապետն ու խորհրդարանի նախագահը, ծէսը նախագահող Ապտըլ Սաթթար Առաջնորդը շատ խիսկ խօսքերով հանդէս եկաւ ի նպաստ ցուցարարներուն, կոչ ուղղելով երկրին առաջնորդներուն, որ եթէ չեն կրնար ժողովուրդին պահանջները գոհացնել, ապա պէտք է անյապաղ հրաժարին իրենց պաշտօններէն: