Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Ապահովական Ուժեր Լարուած Վիճակի Մէջ Ապահովելու Համար Խորհրդարանի Նախատեսուած Ժողովը

Լիբանանեան Բանակն ու Ներքին ապահովութեան ուժերը զգաստ վիճակի մէջ դրուած են առ ի պատրաստութիւն յաջորդ շաբաթ կայանալիք խորհրդարանական նիստի կայացման ապահովումին:

Այս իրավիճակը հաստատուած է, որպէս նախազգուշական քայլ ի լուր հակակառավարական այն յայտարարութիւններուն, որ ցուցարարները արձակած են խոստանալով փակել կեդրոնական Պէյրութի ճամբաները արգիլելու համար նշեալ նիստը:

Միւս կողմէ, Ալ Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի մօտիկ աղբիւր մը երէկ յայտնեց, որ իր ներկայացուցած պլոքը, վստահութեան քուէ պիտի չտայ Հասսան Տիապի գլխաւորած կառավարութեան:

Մինչ լիբանանեան ներքին իրավիճակը կը շարունակէ խառն մնալ, Լիբանանի հարցով Միջազգային դատարանը կը շարունակէ իր աշխատանքները:

Այս ծիրէն ներս երէկ, դատարանը ամբաստանեալ Սամիր Այյաշի համար պաշտպան փաստաբան մը նշանակեց Պէյրութի Փաստաբանական Սենտիքայէն:

Լիբանան այս շաբաթավերջին կը դիմաւորէ «Քարիմ» կոչուող փոթորիկը, որ սկսաւ ազդու դառնալ երէկ յետմիջօրէէն սկսեալ:

Կը սպասուի, որ փոթորիկը իր հետ ծանր անձրեւներ բերէ Լիբանանի ամբողջ տարածքին: Ձիւնը շաբաթավերջին պիտի ծածկէ համեմատաբար ծովուն մակերեսէն ոչ այնքան բարձր շրջաններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին