Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Բոլորին Ուշադրութիւնը Կեդրոնացած Է Կառավարութեան Ծրագրի Քննարկման Այսօրուայ Նիստին Վրայ

Այսօր բոլորին աչքերը կեդրոնացած են Նախարարաց Խորհուրդի նիստին վրայ, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի կառավարութեան ծրագրին վերջնական սեւագիրը: Այս քննարկումը ճամբան պիտի յարդէ դէպի խորհրդարանական նիստ, որուն ընթացքին կառավարութիւնը կ՛ակնկալէ վստահութեան քուէ ստանալ:

Մինչ այդ բողոքարարներ երէկ երեկոյէն սկսեալ սկսան հաւաքուիլ Վարչապետարանի կից՝ Ռիատ Ալ Սոլհ Հրապարակին վրայ ճնշում բանեցնելու համար այսօրուայ համար նախատեսուած նիստին վրայ:

Կենսոլորտային աղէտով մը, երէկ քարիւղի սահանք մը պատահած է Զուքի ելեկտրակայանին մերձակայքի ծովափին, որուն մաքրութեան լծուած են պատկան մարմինները կանխելով մօտալուտ փոթորիկ մը, որ կրնայ ներկայ պատահարին ժխտական հետեւանքները բազմապատկել:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին