Շաբաթ, 18. 05. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ի Վարչական Խառն ու Յաջող Ժողովը

Կիրակի՝ 2 փետրուար 2020..: Շատ յատկանշական թուական մը, որ արգասաւորուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի նախատեսած, նախաձեռնած ու կազմակերպած վարչական խառն ժողովով, առաւօտեայ ժամը 9.00-ին, զոր կը հովանաւորուէր ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի յարգարժան անդամներուն կողմէ, ատենապետութեամբ՝ Տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեանի:

Հակառակ երկրէն ներս տիրող ու ստեղծուած քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային անորոշութեանց, ուրախութեամբ պիտի արձանագրենք, որ ՀԲԸՄ-ի բազմատասնեակ անդամներ որոշեալ ժամուն փութացած էին Տէմիրճեան Կեդրոն, մասնակից դառնալու յիշեալ ժողովին, ուր գնահատելի էր նամանաւանդ ներկայութիւնը երիտասարդ խանդավառ տարրերու:

Եւ արդարեւ, ժամը 9.30-ին, Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի վարիչ տնօրէն՝ Արին Ղազարեան եւ ողջունելով ներկաները անդրադարձաւ օրուայ յայտագրին եւ անոր գործադրութեան եւ  յետ Բարի գալուստի խօսքին, հրաւիրեց ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Պարոն Ժէրար Թիւֆէնքճեանը, որպէսզի տայ իր խօսքն ու պատգամը: Պարոն Թիւֆէնքճեան նախ ողջունեց ներկաները, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր վարչութիւններուն, վարչականներուն եւ ներկայ միութենականներուն, որոնք հրաժարած  իրենց  կիրակնօրեայ հանգիստէն, փութացած էին կեդրոն, մասնակից դառնալու նախաձեռնուած ժողովին, կիսելու՝ տիրող մտահոգութիւնները եւ ուրախանալու՝ կատարուած յաջողութիւններով:

Ապա, յարգելի ատենապետը մեծապէս  կարեւորեց գումարուած ժողովը, անոր նպատակը, որ աւելի շատ սրտբաց նիստ մըն էր, քննարկելու համար Միութեան մօտիկ անցեալի մէջ կատարած աշխատանքները, ուսումնասիրելու համար ներկան եւ ծրագրաւորելու համար ապագան: Ապա պարոն ատենապետը հանգամանօրէն ներկայացուց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան այժմու կացութիւնը, անոր ունեցած դերը՝ Լիբանանեան Հայրենիքէն ներս, թուարկելով Միութեան իրագործած ու արձանագրած յաջող ու տպաւորիչ գործունէութիւնները:

Պարոն Թիւֆէնքճեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Շրջանակային Յանձնաժողովի ստանձնած յանձնառութեան ու պարտաւորութեանց մասին, մասնաւորաբար Լիբանանէ ներս ստեղծուած նոր պայմաններուն տակ, խաղաղ ու դրական մթնոլորտի մէջ Միութիւնը կանգուն ու բարձրաճակատ  պահելու անհրաժեշտութեան մասին: 

Հուսկ ապա, ան անդրադարձ կատարեց  Շրջ. Յանձնաժողովի ունեցած սերտ, անկեղծ ու յարգալիր փոխ յարաբերութեանց մասին՝ Լիբանանի պետական շրջանակներու, Եկեղեցական Իշխանութիւններու եւ Քոյր կազմակերպութիւններու հետ, միշտ նկատի առած Միութեանս դրական ու գործնական ներկայութիւնը՝ մեր բնակած երկրէն ներս, ապա լիբանանահայ գաղութէն ներս, թէ՛ որպէս թիւ եւ թէ՛ որպէս որակ, ու նամանաւանդ որպէս ժիր ու աշխոյժ,  գործօն կառոյցներ:

Պարոն Թիւֆէնքճեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Միութեան Կրթական, Մշակութային, Ընկերային ու Բարեսիրական ոլորտներէ ներս  արձանագրած յաջողութեանց մասին: Մանրամասնօրէն խօսելով երկրի  տնտեսական ճգնաժամին ու վիճակին, թուեց ՀԲԸՄ-ի դպրոցները միացնելու կապակցութեամբ առնուած ճիշդ քայլին, այսօրուայ տիրող դրութեան, որուն որպէս կանխատեսում՝ Միութեան ունեցած տնտեսական  տրամաբանական խնայողութեան մասին:

Յարգելի ատենապետը գնահատեց Միութեանս Կեդրոններէն ներս կատարուող տեսակաւոր  գործունէութիւնները, գնահատելով՝ Տէմիրճեանէ, Զ.Մովսէսեանէ, Ահրամճեանէ եւ Զահլէէ ներս տարուող խանդավառ մթնոլորտները եւ առանձին- առանձին թուարկեց մեր աշխատունակ կառոյցները:

ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ.

Միութենական աշխոյժ ու հպարտացնող գործունէութեանց անդրադառնալով, պարոն Թիւֆէնքճեան խօսեցաւ նախ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան կատարած բազմածաւալ իրագործումներուն  մասին, մեծապէս գնահատելով ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, անոր ատենապետ տիար Վիգէն Չէրչեանը  եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կատարուած եւ ուրախացնող նախաձեռնութեանց մասին: Ան ըսաւ. «Խօսիլ ՀԵԸ-ի մասին կը կարօտի ժամերու… եւ թէ ՀԵԸ-ի անդամութիւնը ՀԲԸՄ-ի առողջ ու երիտասարդ զինուորներն են, որոնք միշտ ալ պատրաստակամ են սիրայօժար ծառայելու այս Մեծ Միութեան»:

ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ.

Խօսքը ուղղելով Կրթական Համակարգին, ան դրուատեց Միութեանս Կրթական Յանձնախումբը, անոր ունեցած ազգանուէր, միութենանուէր ու կրթանուէր  պարտաւորութիւնը, այս մարզէ ներս ատենապետուհի տիկին Արտա Եանըքեանին աշխոյժ դերը, վարժարանիս տնօրէնն ու ուսուցչական կազմը, եւ մեր ծնողները՝ որոնք վստահած են մեզի: Պարոն Ատենապետը ըսաւ, «Որքան ալ դաժան ըլլան Լիբանանի տնտեսական պայմանները, մենք որոշած են գուրգուրալ մեր վարժարանները եւ շարունակել մեզի աւանդ Կրթական նուիրական գործը»:

ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐ.

Իր խօսքին մէջ, պարոն Թիւֆէնքճեան մասնաւոր գնահատական տուաւ ՀԲԸՄ-ի Տիկնանց Մասնաճիւղերուն, ի մասնաւորի Համախմբումին, անոր ատենապետուհիին՝ Տիկին Քալին Էավէրեան-Վանլեանին եւ բոլոր անդամուհիներուն, որոնք կ’աշխատին օժանդակ հանդիսանալ Միութեանս, իրենց տարեկան միջոցառումներով սատար հանդիսանալու համար Միութեան նիւթական պարտաւորութեան:

ՀԲԸՄ.Ի ԱՍՊԵՏՆԵՐ.

Պարոն Թիւֆէնքճեան ուրախութեամբ արտայայտուեցաւ Ասպետներու Վարչութեան ունեցած անցնող 3 տարիներու դրական գործունէութեան եւ ունեցած յաջողութեան մասին եւ որուն համար ալ շնորհաւորեց ատենապետ Արթօ Գունտաքճեանը, որ  կրցած էր ասպետներու Վարչութեան աշխատանքները խանդավառել՝ յիշեցնելով երբեմնի անցեալը:

ՎԵԹԵՐԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ.

Պարոն ատենապետը, իր գնահատանքի խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց Վեթերաններու Վարչութեան կատարած աշխատանքը, ատենապետ Պարոն Շահէ Պապահէքեանի անձնազոհ ճիգը եւ ակնարկելով Վեթերաններու գործունէութեան, ըսաւ. «Անոնք կը տապկուին իրենց իւղով եւ թէ կը տանին ազնիւ աշխատանք, արժանանալով մեր սիրոյն ու յարգանքին»:

«ԽՕՍՆԱԿ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ.

Իսկ ակնարկելով Միութեանս 63-ամեայ պաշտօնաթերթ «Խօսնակ»-ին, պարոն ատենապետը գնահատական տուաւ  խմբագիր՝ Համբիկ Մարտիրոսեանին, դրուատելով անոր տարած ջանքը եւ շնորհաւորեց  խմբագրական կազմը, աւելցնելով, թէ «Խօսնակ»-ը արդէն արդարացուցած է ինքզինք, որպէս մակարդակ ունեցող եւ բոլորի կողմէ գնահատուած ճաշակաւոր ամսաթերթ:

ՀԲԸՄ-Ի ԴԱՐՄԱՆԱՏՈՒՆԵՐ

Պարոն Թիւֆէնքճեան իր խօսքի աւարտին անդրադարձաւ Միութեանս զոյգ դարմանատուներուն  («Խալիլ Պատաւի»- եւ «Ահրամճեան»), իսկ  ակնարկելով անոնց ընթացիկ պատկերին, ըսաւ. «Որպէսզի դարմանատան աշխատանքները ըլլային բնականոն, թուականէս մօտաւորապէս մէկուկէս տարի առաջ անոնց տնօրէնութիւնը յանձնեցինք պարոն Համբիկ Մարտիրոսեանին եւ անոնք նորոգուելէ ետք այսօր կը ծառայեն մեր ժողովուրդին: Ինչ կը վերաբերի Ահրամճեան դարմանատան, ան արդէն փոքրիկ հիւանդանոց մըն է: Այս առթիւ, մեծապէս կը գնահատենք պարոն Մարտիրոսեանին տարած աշխատանքը»:

Շարունակելով իր խօսքը, պարոն ատենապետը իր գնահատականը տուաւ նաեւ Ահրամճեան Կեդրոնէ ներս կատարուող Մշակութային ու ընկերային նախաձեռնութեանց, առանձնացնելով  Հայերէնի դասընթացքները: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, վարչական կամ գրասենեակային պաշտօնեայ, որոնք կը ծառայեն այս Միութեան, անոր բարօրութեան եւ բարգաւաճումին, յաջողութիւն մաղթելով բոլոր Միութենական անդամներուն, իրենց ազգանուէր ու միութենանուէր աշխատանքներուն համար: Եզրակացնելով ըսաւ նաեւ, թէ ան շնորհակալ է ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, իրեն յանձնուած պատասխանատուութեան համար:

Պարոն Թիւֆէնքճեանի անկեղծ, սրտբաց, հաղորդական ու մտերմիկ արտայայտութենէն ետք հերթականութեամբ խօսք առին՝

Տիկին Թագուհի Լեփեճեան՝ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Գրասենեակի համակարգող, որ ներկայացուց  ՀԲԸՄ-ի ենթակառոյցներուն ու վարչութիւններուն մօտիկ անցեալին կատարած գործունէութիւններուն ամբողջական պատկերը՝թուականներով, կատարելով հաճելի յոշեցում,

Պարոն Արա Վասիլեան՝ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու տնօրէն, որ անդրադարձաւ ՀԲԸՄ-ի Կրթական առաքելութեան ու մեր վարժարաններու այժմու կրթական բարձր վիճակին, թուելով վարժարաններու աշակերտութեանց արձանագրած գնահատելի արդիւնքները վարժարանէ ներս, պետական քննութիւններէ ներս  եւ ունեցած արտադպրոցական փայլուն յաջողութիւնները,

Պարոն Վիգէն Չէրչեան՝ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, որ անդրադարձաւ ՀԵԸ-ի բազմաբնոյթ ու բազմաճիւղաւորեալ նախաձեռնութեանց ու աշխատանքներուն, առանձնապէս շեշտելով անոր Մշակութային («Վ.Փափազեան Թատերախումբ», «Արին Պարախումբ», ընկերային, մարզական ու սկաուտական բնագաւառներէ ներս կատարած ծաւալուն աշխատանքները, որոնք կ’առթեն հպարտութիւն,

Տիկին Յասմիկ Տէմիրճեան՝ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան Կեդրոնի Համակարգող, որ թուեց Կեդրոնէ ներս կատարուող բոլոր միջոցառումները, ըլլան անոնք մշակութային, մարզական կամ ընկերային, ներկաներուն յատուկ ուշադրութեան յանձնելով նամանաւանդ շաբաթօրեայ հայերէնի դասընթացքները եւ Ամառնային ճամբարները, ,

Պարոն Համբիկ Մարտիրոսեան՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր, որ ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց պաշտօնաթերթին դերը, անոր ունեցած յաջողութիւնները, անդրադարձաւ մտաւորականներէ բաղկացած Խմբագրական կազմի մասին, աւարտին անդրադառնալով «Խօսնակ-ի կից ստեղծուած Մշակութային Յանձնախումբի եւ անոր կազմակերպած ձեռնարկներուն մասին,

Պարոն Համբիկ Մարտիրոսեան՝ ՀԲԸՄ-ի Դարմանատուներու տնօրէն, որ հակիրճ պատմականը ըրաւ Միութեան դարմանատուներուն, մասնաւորաբար ան կեդրոնացաւ Միութեանս նորաբաց «Ահրամճեան» դարմանատան վրայ եւ անդրադարձաւ հոն կատարուող ամէնօրեայ բժշկական աշխատանքներու մասին,

Պարոն Ռաֆի Քամաքեան՝ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի գանձապահ, որ իր կարգին զեկուցեց ընդհանրապէս 114 –ամեայ ՀԲԸ Միութեան մինչեւ օրս կատարած Մարդասիրական, Կրթական, Ազգային եւ Ընկերային ծառայութեանց ու մասնաւորաբար Լիբանանի Մասնաճիւղին անցնող տասնամեակներուն ունեցած ազգօգուտ դերին ու տեղին մասին, 

 Դոկտ. Երուանդ Զօրեան՝ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ (Մ.Ն.), որ հեռակապով (սքայփով) զեկուցեց Մեծ Միութեան Համաշխարհային Անդամակցութեան գաղափարին, ինչպէս նաեւ անդամի դերին եւ Միութեան հանդէպ անոր ունենալիք բարոյական պարտաւորութեան մասին, ստեղծելով հետաքրքրական պահ:

Զեկուցողներուն մերթ ընդ մերթ կ’ընկերանար սպիտակ պաստառը, ուր կը ցուցադրուէին զեկոյցներու հետ առնչուած նիւթեր:

Խօսքերու եւ զեկոյցներու աւարտին Միութենականներու կողմէ եղան հարցումներ, որոնց պատասխանեցին Շրջանակային Յանձնաժողովի պատասխանատուներ:

Եզրակացնելով, եթէ հարկ է մէկ երկու բառով գնահատական տալ կատարուածին, կարելի է ըսել, որ անհրաժեշտ ու սպասուած հանդիպում մըն էր, որ հանդիսացաւ օգտաշատ եւ նպատակին ծառայող:

Հ.Մ.  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին