Կիրակի, 2 Փետրուար 2020-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին կազմակերպութեամբ, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի բոլոր ենթակառոյցներուն մասնակցութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Ընդհանուր Ժողովը:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանը եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի 38 վարչութիւններու ներկայացուցիչներ:
ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանի խօսքէն ետք, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան ներկայացուց ՀԵԸ-ի 2018 եւ 2019 տարիներու գործունէութիւնը նկարագրող համապարփակ զեկոյց մը: Մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ ՀԵԸ-ի երկամեայ գործունէութիւնը նկարագրող տեսաերիզ մը:
Ժողովը քննարկեց կազմակերպչական հարցեր եւ ապագայի ծրագիրներ:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ