Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Պարգեւատրէ Երկար Տարիներու Վաստակ Ունեցող Միջ-Եկեղեցական Անձեր

Այս օրերուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի կ՚ունենայ միջազգային միջ-եկեղեցական ժողով՝ նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

Արդարեւ, այս երեկոյ՝ Շաբաթ, 1 Փետրուար 2020-ին, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ եղան ժողովականներ, միաբանութիւն եւ Լիբանանի հայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը՝ ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց միջ-եկեղեցական շարժումին կարեւորութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բերած նպաստը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած համագումարին կարեւորութեան, որուն նպատակն է նոր տեսլական մը զարգացնել միջ-եկեղեցական շարժումին:

Այս առիթով, Հայրապետը յիշեց չորս անձեր, որոնք երկար տարիներու ծառայութիւն ունեցած են միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ. անոնք են՝ Փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, որ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ պարգեւատրուած է 2000 թուականին եւ Դոկտ. Քոնրատ Րէյզըր, որ դարձեալ Հայրապետին կողմէ պարգեւատրած է 2003 թուականին:

Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը այսօր պարգեւատրեց երկու անձեր՝ Գերշ. Տ. Սորիդուա Նապապան եւ Դոկտ. Սամուէլ Քոպիան: Վերոնշեալ անձերը աւելի քան 50 տարիներու ծառայական վաստակ ունին միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ: Դոկտ. Քոպիան այժմ նախարար է Գենիայի մէջ, իսկ Նապապանը՝ միջ-եկեղեցական կարեւոր պաշտօն կը վարէ Ինտոնեզիոյ մէջ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին