Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

«Եկեղեցին Իր Զօրակցութիւնը Ժողովուրդին Նկատմամբ Պէտք Է Գործնապէս Արտայայտէ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 28 Յունուար 2020-ին, Պքէրքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Հանդիպման նպատակն էր քննել Լիբանանէն ներս վերջին երեք ամիսներուն տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերը, յատկապէս ժողովրդին պահանջքները եւ պարզել եկեղեցւոյ տեսակէտը: Ներկայ հոգեւոր պետերը իրենց մօտեցումները արտայայտեցին, բնականաբար ընդգծելով եկեղեցւոյ դիրքորոշումը երկրէն ներս ստեղծուած կացութեան եւ ժողովրդային պահանջքներու գծով:

Խօսք առաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդհանուր գծերով ներկայացնելէ յետոյ Լիբանանը դիմագրաւող վտանգալից մարտահրաւէրները, շեշտեց՝ թէ «ճիշդ չէ ընդհանրութիւններու մէջ մնալ, անհրաժեշտ է եկեղեցւոյ տեսակէտը յստակօրէն արտայայտել: Եկեղեցին ժողովուրդին ձայնն է, անոր սպասումներուն ու կամքին արտայայտութիւնը: Ժողովուրդը ընդվզած է անարդարութեան ու փտածութեան նկատմամբ: Վստահութեան պակաս մը կայ ժողովուրդին մօտ քաղաքական իշխանութեան նկատմամբ: Եկեղեցին պէտք է զգուշացնէ քաղաքական պատասխանատուները, որպէսզի անոնք ժողովուրդի պահանջքներուն գոհացում տան՝ գործնական քայլերու դիմելով»:

Վեհափառ Հայրապետը միաժամանակ զգուշացուց, թէ «բռնարարքները կրնան ժողովրդային յեղափոխութեան բնոյթը փոխել»: Ան նաեւ շեշտեց, որ «կառավարութեան վստահութիւն ու նեցուկ պէտք է տալ, որպէսզի ան կարենայ շուտով աշխատանքի լծուիլ»: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է համայնքային զգայնութիւններ ստեղծող արտայայտութիւններէ ու քայլերէ հեռու մնալ» եւ ընդգծեց «ներքին միասնականութեան պահպանման հրամայականը»:

Իր խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց, որ «կոչ մը ուղղուի Լիբանանեան սփիւռքին, արաբական աշխարհին եւ միջազգային համայնքին, որպէսզի նեցուկ կանգնին Լիբանանին, յատկապէս տնտեսական մարզէն ներս»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին