Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին Մէջ. Գնահատելի Նախաձեռնութիւն Մը


21 Յունուար 2020-ին, Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի մանկապարտէզի եւ առաջին շրջանի դասարանները այցելեցին «Smile In a Box» բարեսիրական կազմակերպութեան անդամները, ընկերակցութեամբ՝ ՌԱԿ-ի աշխոյժ անդամ Ընկ. Արա Թերզեանի: Սոյն կազմակերպութեան նպատակն է ցնծութիւն սփռել  մեր  անմեղունակ փոքրիկներուն սրտերուն մէջ ու ժպիտ գծագրել անոնց գեղեցիկ դիմագիծերուն վրայ, նամանաւանդ այս օրերուն , երբ լիբանանցիները կ’ապրին ճգնաժամային օրեր: Մեր աշակերտները  անհամբեր կը սպասէին այցելուներուն, որոնք առատաբաշխ ձեռքերով  մտան իւրաքանչիւր դասարանէ ներս, ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելով եւ աշակերտին մօտ հետաքրքրութիւն յառաջացնելով, թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ իր սեփական տուփին պարունակութիւնը:

     Վարձքը կատար այս շնորհալի կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն: Կը մաղթենք, որ Աստուած ոյժ եւ կորով պարգեւէ  իրենց, որպէսզի յարատեւեն իրենց վսեմ առաքելութեան մէջ:

 

             Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի

Լրատուական Գրասենեակ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին