Կիրակի, 20. 07. 2025

spot_img

Միջազգային Ընտանիքին Հայեացքը Կառավարական Ծրագրին Ուղղուած Է

Լիբանանին զօրակցող միջազգային ընտանիքը կոչ ըրաւ Լիբանանի Վարչապետ Հասսսան Տիապի կառավարութեան, որպէսզի որդեգրէ կառավարական այնպիսի ծրագիր մը, որ կը բովանդակէ վստահութիւն ներշնչող եւ բարեփոխութիւններ իրագործող քայլերու փաթեթ մը, որ կը համընկնի ժողովուրդին պահանջներուն հետ:

Երէկուայ համեմատաբար խաղաղ օրը յատկանշուեցաւ նախարարութիւններ յանձնելու եւ ստանձնելու արարողութիւններով: Այս բանին զուգահեռ ներքին ապահովական ուժերը ամուր պատնէշ մը տեղադրեցին դէպի խորհրդարան տանող մուտքերը փակելով այն նախատեսութեամբ, որ ժողովրդային շարժումները կրնան նոր եւ աւելի եւս ուժգին չափ ստանալ:

Մինչ այդ յստակացաւ, որ Լիբանանի վարչապետ Հասսան Տիապ պիտի դառնայ առաջին վարչապետը, որ պիտի բնակի վարչապետարանին մէջ։ Այս մասին կը  հաղորդէ «Արեւելք»ը նշելով նաեւ, որ Տիապ այսպիսով պիտի հանդիսանայ առաջին վարչապետը, որ իր ընտանիքին հետ պիտի ապրի վարչապետարանին մէջ։ Յիշեցնենք, որ Լիբանանի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ճիգերով վերանորոգուած վարչապետարանին մէջ գործած են Լիբանանի վարչապետներ ՝ Ռաֆիք Հարիրի, Սալիմ Հըս, Ֆուատ Սինիորա Օմար Քարամի, Թամմամ Սալամ եւ Սաատ Հարիրի, որոնք բոլորն ալ ունեցած են սեփական տուներ եւ մշտական կայք չեն հաստատած վարչապետարանի շէնքին մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին