Նկատի ունենալով երկրին ներկայ կացութիւնը, որ բնականաբար իր խոր ազդեցութիւնը ունի Լիբանանահայութեան վրայ, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնս իր վերջին ժողովին, որոշած էր շրջանակիս գործունեայ կուսակցական քատրերուն մասնակցութեամբ, խորհրդակցական հանդիպում մը կազմակերպել:
Արդարեւ, որոշուած հանդիպումը տեղի ունեցաւ երէկ Չորեքշաբթի, 22 Յունուար 2020ի երեկոյեան ժամը ճիշդ 7:30ին, Թէքէեան Կեդրոնին մէջ հակառակ նոյն պահուն մեր կերոնին մերձակայ Պէյրութի կեդրոնական շրջանի մէջ տիրող ապահովական լուրջ իրավիճակին:
Լիբանանի ներկայ ճգնաժամին լոյսին տակ խորհրդակցական այս սեղմ հանդիպումը առիթ մը էր միասնաբար, բազմախօսութեամբ, որոշ բիւրեղացումի մը բերել մասնակիցներուն մտածումներն ու ընկալումները տեղական, շրջանային եւ ազգային քաղաքական թէ ընկերատնտեսական այլեւայլ խնդիրներու շուրջ:
Մեր սիրելի Լիբանանին դիմագրաւած այս աննախընթաց իրավիճակը նաեւ կ՛ենթադրէր, որ գաղափարական ընկերներ միասնաբար արծարծեն ու քննարկեն իրենց պատկանած կազմակերպութեան Լիբանանի կառոյցներուն վերաբերող ներկայ հրատապ հարցերը: Բան մը, որ առիթ կրնայ ըլլալ նուազեցնելու կարգ մը խարխափումներ եւ անորոշութիւններ:
Հանդիպման գլխաւոր զեկուցաբերները եղան ընկերներ Յակոբ Գասարճեան եւ Սեւակ Յակոբեան:
Ընկեր Գասարճեան հիմնուելով իր փորձառութեան վրայ, նկարագրականը տուաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին եւ ներկայ ընկերուհիներուն եւ ընկերներուն տուաւ կարեւոր ցուցմունքներ ներկայ դժուար օրերը կարելի եղածին չափ ապահով եւ անվնաս շրջանցելու նախ անձնապէս, միեւնոյն ժամանակ միասնաբար տէր կանգնելու Լիբանանի մեր կուսակցական եւ միութենական կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն:
Ընկեր Արա Թերզեան, ի պաշտօնէ, որպէս կալուածոց տնօրէն, տեղեկութիւններ տուաւ միութենապատկան եւ կուսակցապատկան կալուածներու իրավիճակին մասին: Ընկերուհի Կալինա Շեմեմեան-Նաճարեան իր կարգին Վահան Թէքէեանի Վարժարանի մասին մանրամասնութիւններ փոխանցեց: Այլ պատասխանատու ընկերներ իրենց պատասխանատուութեան դաշտին վերաբերող զեկոյցները գրաւոր փոխանցեցին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան դիւանին: Ներկայ ընկերներ աշխոյժ կերպով հարցեր դրին միասնաբար քննարկման:
Ընկեր Սեւակ Յակոբեան իր ելոյթին մէջ ամփոփեց Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը ապա անդրադարձաւ ներկուսակցական եւ ազգային այլ կարեւոր կէտերու: «Հակառակ Լիբանանի տխուր իրավիճակին ՌԱԿի Լիբանանի շրջանակը լաւատեսութեամբ կը նայի ապագային. վկայ՝ մեր այսօրուայ նորագիրները» խօսքով ան իր զեկոյցը աւարտին հասցուց:
Արդարեւ, 15 երիտասարդ նորագիրներ այս հանդիպման առիթով իրենց կուսակցական երդումը տուին՝ ուխտելով ծառայել Լիբանանին, Հայաստանին եւ Հայ ժողովուրդին՝ ՌԱԿի միջոցաւ: Երիտասարդ նորագիրներուն երդումը առաւ ընկեր Գասարճեան: Աւարտին նորագիրները ընկեր Յակոբեանէն ստացան իրենց կուսակցական անդամաքարտերը:
Հակառակ, որ այս հանդիպման զուգահեռ անկարգութեան կը տիրէր փողոցը, որուն ձայները կը հասնէին ժողովասրահ, հանդիպումին մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը դրական լիցքով եւ այս հաւաքէն գոյացուցած յարաբերական յստակատեսութեամբ, մեկնեցան Թէքէեան Կեդրոնէն իրենց անմիջական միջավայրին փոխանցելու իրենց լաւ տրամադրութիւնները: