Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Լիբանանի Կառավարութիւնը Մեռա՞ծ Ծնաւ

Երէկ գիշեր կազմուեցաւ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը։  Նոր կառավարութիւնը կը բաղկանայ 20 նախարարներէ: 

Կառավարութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք Պաապտայի նախագահական պալատ գտնուող վարչապետ Հասսան Տիապ կարճ խօսքով մը հանդէս եկաւ յայտարարելով, որ նորակազմ կառավարութիւնը պիտի գործէ հաշուի առնելով երկրին մէջ տիրող պայմանները նշելով նաեւ, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը քաղաքական հաշիւներէ վեր եղող կառավարութիւն է։

Նոր կառավարութեան ծնունդը բաւական դժուար կացութեան առջեւ կը գտնուի իր գործը յառաջ տանելու համար:

Յիշեցնենք, որ նշանակեալ վարչապետ Հասսան Տիապ, որ անցնող օրերուն բազմաբեւեռ հանդիպումներու ձեռնարկեց, ի վերջոյ համաձայնեցաւ այն առաջարկներուն, որ իր կազմելիք դահլիճը պէտք է բաղկանայ 20 նախարարներէ։ Յստակ էր նաեւ օրեր առաջ մէջտեղ եկած հիմնահարցը, ըստ որուն տիւրզի համայնքը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ «Ալ Մարատա» հոսանքի ղեկավարութիւնը իրենց վեթոն տուած էին եւ յայտարարած, որ պիտի չներգրաւուին նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ, կարծես թէ ի վերջոյ վերատեսութեան ենթարկեցին իրենց դիրքորոշումը։

«Ալ Մարատա» հոսանքի ղեկավար Սուլայման Ֆրանժիէ, երէկ հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով՝ պարզելու համար իր ետ դարձին պայմանները:

Յիշեցնենք, որ արդէն երեք ամիսէ որ Լիբանան թատերաբեմ դարձած է բողոքի մեծ ալիքի, երկրին մէջ տիրող տնտեսական բարդ վիճակը ալ աւելիով դարձնելով անտանելի եւ անկանխատեսելի:

Հազիւ կառավարութեան կազմը յայտարարուեցաւ, անոր կազմութեան ձեւն ու բովանդակութիւնը մերժող ժողովուրդը դարձեալ փողոց իջաւ ուխտելով զայն հրաժարեցնել, որովհետեւ անոր կազմն ու կազմուելու ձեւը ո՛չ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ իրենց տեսիլքին եւ պահանջներուն:

Մինչեւ ուշ գիշեր Պէյրութի կեդրոնական մասը ականատեսը եղաւ մերժումի ամէն տեսակ արտայայտութիւններու, բան մը, որ երեւոյթ դարձած էր վերջերս եւ որ տակաւին լրջութեամբ չի դիտուիր իշխանութեան կողմէ, որոնք միշտ կը դիմեն ուժի զայն ցրուելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին