Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Հաղորդագրութիւն – Բ – ՌԱԿ Ելեկտրոնային Գրադարան

Մեր առաջին հաղորդագրութեամբ, որ լոյս տեսաւ «Զարթօնք»ի 13 Յունուար 2020ի թիւին մէջ, մենք աւետած էինք, թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան 100ամեակի սեմին «ՌԱԿ Մատենաշար»ը ձեռնարկած է ՌԱԿ Ելեկտրոնային Գրադարանի մը գոյառումին, որ օգտուելով ժամանակակից արհեստագիտութեան բարիքներէն, կը նպատակադրէ ՌԱԿի գրադարանի առ ցանց տարբերակ մը ստեղծել՝ հասանելի բոլոր ընթերցողներուն անխտիր, աշխարհի որ ծայրն ալ գտնուին անոնք:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշած էինք, թէ պարբերաբար պիտի տեղեկացնենք մեր գրադարանին մէջ տեղադրուած ելեկտրոնային նոր գիրքերուն մասին:

Հետեւաբար ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ այս շաբաթ կարելիութիւնը ունեցանք ՌԱԿի հետ առնչուող 3 այլ  գիրքերու ելեկտրոնային տարբերակներ ալ աւելցնել մեր պահեստին վրայ, գրադարանին մէջ առ այսօր տեղադրուած գիրքերուն թիւը հասցնելով 14ի:

Անցնող շաբթուայ յաւելուած գիրքերն են.

Երուանդ Հրաչ, Բանախօսութիւն. Խօսուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի Շրջանակի Ութերորդ Պատգամաւորական Ժողովի առթիւ գումարուած հրապարակային ժողովին մէջ, Պոսթըն, 1928, 16 էջ:

 

 

 

 

 

 

 

Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն, կազմեց եւ ծանօթագրեց՝ Պետրոս Թորոսեան, Պէյրութ, 2019, Տպ. Շիրակ:

 

 

 

 

 

 

 

Տագէսեան Անդրանիկ, Պատմութիւն ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի, 1922-1937, Հրտ. ՌԱԿ Մարտիրոս Ոսկեան Ակումբ, Պէյրութ, Տպ. Զարթօնք, 1993, 89 էջ:

 

 

 

 

 

Մեր գրադարանը կրնաք այցելել հետեւեալ կապով`

www.ragmamoul.net/ adlp-elibrary/

Ինչպէս նաեւ հետեւելով մեր գրադարանին ֆէյսպուքեան էջին՝

www.facebook.com/ADLPelibrary/

Ինչպէս սովորաբար կ՛ընենք, վերի ցանկին իւրաքանչիւր գիրքին կողքին զետեղեցինք անոր QR ծածկագիրը առիթը տալու մեր տպագիր թերթին ընթերցողներէն փափաքողներուն, զայն որպէս հարթակ օգտագործեն՝ ուղղուելու համացանց:

Մենք յանձնառու ենք պարբերաբար հարստացնել մեր գրադարանը հոն աւելցնելով մեր նպատակադրած գիրքերէն նոր օրինակներու ելեկտրոնային տարբերակները, յուսալով որ մեր ելեկտրոնային գրադարանը կ՛ամբողջանայ տարուայ մը ընթացքին: Մեր բոլոր յաւելումներուն մասին դարձեալ պարբերաբար հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահենք:

Մեր գրադարանը աւելի եւս հարստացնելու համար կ՛ապաւինինք մեր ընկերներուն եւ բարեկամներուն, որոնցմէ կը խնդրենք մեր տրամադրութեան տակ դնել իրենց հասողութեան մէջ գտնուող՝ ՌԱԿի վերաբերող ոեւէ գիրքի տպագիրը կամ անոր ելեկտրոնային տարբերակը, որպէսզի միասնաբար հասնինք մեր առաքելութեան ամբողջական իրագործումին:

 

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«ՌԱԿ Մատենաշար»ի Տնօրէն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին