Օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 12 յունուար 2020-ին, նշուեցաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, պետական երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսան Մաթոսեանի, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու։ Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Հոգեշնորհ Տ․ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան։
Իր քարոզին մէջ, հայր սուրբը ըսաւ, որ երբ մտածենք մեր հաւատքի զօրացման մասին հարց կու տանք, թէ ո՞ւր է մեր հաւատքն ու զօրութիւնը, որքանո՞վ կրնանք պայքարիլ կեանքի մեղքերուն դէմ, որքա՞ն կրնանք գոյատեւել եւ ինչպէ՞ս կրնանք տոկալ, աւելցնելով, որ այս միտքերը կ՛առաջնորդեն մեզ մտածելու, որ մենք առանձին ենք եւ լքուած կը զգանք։ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան շեշտեց, որ երբ մեր կեանքին մէջ Յիսուսի ներկայութիւնը եւ Աստուծոյ զօրութիւնը ընդունինք, որպէս մեր կեանքի ճանապարհը, այն ատեն մենք պէտք չէ վախնանք չարէն։ Շարունակելով իր խօսքը, հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ երբեմն մենք տարուելով առօրեայի կեանքի մտածումներուն եւ փորձութիւններուն կը հեռանանք Աստուծոյ խօսքերէն, աստուածաշնչային իրականութիւններէն, որովհետեւ այսօր մարդը աւելի նիւթականին կը վստահի քան հոգեղենին եւ աստուածայինին։ «Աստուածաշունչը գրուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, որպէս կեանքի քարտէս, եւ այդ քարտէսով երբ առաջնորդուինք եւ մեր յոյսն ու հաւատքը դնենք Տիրոջ վրայ, այն ատեն պիտի զգանք անոր քաղցրութիւնը եւ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ, որպէս մարդ արարած, հաւատացեալ եւ Աստուծոյ զաւակ» հաստատեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան։
Հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ ներկայիս դժբախտաբար մենք աւելի կը մտածենք ուրիշներու կեանքին մասին, կը զբաղուինք ուրիշներու կեանքով եւ գործերով, փոխանակ մտածելու մեր մեղքերուն եւ մեր կեանքին մասին աւելցնելով, որ իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է նայիլ մեր նմանին, հասկնալ մեր նմանը, ոչ թէ ուրիշի ձախողութեամբ բարձրանանք, ուրիշի դժուարութեամբ ուրախանանք, ուրիշի աղքատութեամբ հարստանանք, որովհետեւ որպէս Աստուծոյ զաւակ իւրաքանչիւր անձ հաշիւ պիտի տայ իր գործին, խօսքին եւ միտքին։ Եզրափակելով իր խօսքը Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան շեշտեց, որ քաղաքական-տնտեսական ներկայ դժուարութիւններուն դիմաց, մեզմէ ոչ ոք ընկրկեցաւ, որովհետեւ մեր պատասխանատուները՝ կրօնական, ազգային թէ քաղաքական, առաւել եւս իրենց կապուածութիւնը ցոյց տուին իրենց ժողովուրդին նկատմամբ։ Մեր մարմինները մեր թեմին մէջ փաստ են, որ մենք որպէս ժողովուրդ մենակ չենք, միասին կը պայքարինք եւ միասին պիտի յաղթենք։ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք։
Այնուհետեւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» ակումբի «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան։ Օրուան հանդիսավար Սեւան Կարապետեան-Ադամեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, Ռոզէթ Կարպուշեան շնորհաւորեց ներկաները նոր տարուան եւ Ս. ծննդեան տօնին առթիւ մաղթելով, որ 2020 տարին ըլլայ բարեբեր եւ տագնապներու լուծման տարի։ Կարպուշեան նկատել տուաւ, որ հաւաքուած ենք նշելու 83 տարիներ շարունակ հաւատք, յոյս եւ սէր ճառագայթող Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը աւելցնելով, որ ներկայիս Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապը մեզ աւելի եւս կը մղէ միասնականութեան, կառչած մնալով մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի կարիքներուն։ Այս առիթով, Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան գնատահանքը յայտնեց Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, որ իբրեւ մէկ ընտանիք, իր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ ի շահ եկեղեցւոյ եւ ազգին։
Սիրոյ սեղանի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը մեկնաբանեց շարականներու փունջ մը։