Աւելի քան լարուած իրավիճակը երկրորդ օրն ըլլալով կը շարունակուի Լիբանանի մէջ մինչ իշխանութիւնը տակաւին կը յապաղի ժողովրդային պահանջներուն ընթացք տալ վայրկեան մը առաջ կազմելով կառավարութիւն մը, որ ընդունելի ըլլայ ժողովուրդէն:
Խաղաղ ցուցարարներուն մէջ խռնուած են անկարգ տարրեր, որոնք երկրորդ օրն ըլլալով երէկ իրագործեցին խուլիկանական արարքներ կոտրել կարգ մը խանութներու եւ մանաւանդ դրամատուներու ցուցափեղկերը։
Դէպի Պէյրութ տանող մայրուղիներն ու կողմնակի ճամբաները միշտ ենթակայ մնացին ցուցարարներու փակումին, որոնք անիւներ այրելով փորձեցին օրուայ ընթացքին կարելի եղածին չափ» փակ պահել ճամբաները: Դպրոցներու մեծամասնութիւնը եւս փակ մնաց երէկ:
Ապահովական մարմիններ, որ կը փորձեն իրավիճակը դարմանել ենթակայ կը դառնան գրոհներու եւ ցուցարարներ քարեր կը նետեն անոնց ուղղութեամբ մինչ ապահովական ուժերը արցունքաբեր կազ կ՚արձակեն ցրուելու համար տուեալ վայրին մէջ խմբաւորուած ցուցարարները:
Մեծ թիւով ցուցարարներ Պէյրութի Կեդրոնական Դրամատան գլխաւոր շէնքին շուրջ դարձեալ հաւաքուեցան երէկ ուր բախումներ արձանագրուեցան։ Ցուցարարները կը պահանջեն Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչ ՝ Ռիատ Սալամէի հրաժարականը զինք համարելով երկրին մէջ ծաւալ ստացած դրամական անկումին հիմնական պատասխանատուն։
Պէյրութի էլ Հելու զինուորական բանակատեղիին շուրջ ալ լուրջ ընդհարումներ տեղի ունեցան երէկ: Ցուցարարներ հոն հաւաքուած էին պահանջելով ցոյցերու պատճառով իրենց արգելափակուած ընկերներուն ազատ արձակումը:
Պեքաաի շրջանին մէջ գիշերը ցոյցերը համայնքային բնոյթ ստացաւ ուր բախումներ ցուցարարներու միջեւ բախումներ տեղի ունեցան:
Յիշեցնենք, որ ցուցարարներ երկու օր է նոր թափով մը փողոց իջնելով կրկին անգամ յիշեցուցին իրենց պահանջներուն մասին, յայտարարելով, որ իրենց համար գլխաւոր պահանջն է կազմել ոչ քաղաքական գործիչներով կազմուած արհեստավարժներու կառավարութիւն մը։
Նշենք, որ վաղը՝ 17 Յունուարին կը լրանայ բողոքի ցոյցերուն 3-րդ ամիսը։