Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Զուարթնոց Կեդրոնը

Երեքշաբթի, 14 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու Զուարթնոց կեդրոնը, Պուրճ Համուտի մէջ:

33 տարիներ առաջ Վեհափառ Հայրապետի Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդութեան օրերէն սկիզբ առած յիշեալ կեդրոնը, վերջին տարիներուն օժտուած է ներկայ ժամանակներու մասնագիտական բոլոր կարելիութիւններով: Կեդրոնին տնօրէնուհին է Տիկին Վարդի Գէորգեանը: Ան ունի իր խնամակալութիւնը եւ մասնագէտներէ բաղկացած ուսուցչական կազմը: Այս տարի կեդրոնէն ներս յատուկ դասընթացքի ու հոգածութեան կը հետեւին 38 հոգիներ:

Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու ժամ մնաց Զուարթնոց կեդրոնին մէջ, շրջեցաւ զանազան բաժանմունքները, աշակերտներուն հետ զրուցեց, մօտէն տեղեակ դարձաւ հոն կատարուող աշխատանքին եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց: Նորին Սրբութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց, որ մեր կառոյցները ու ազգայինները նիւթապէս սատար հանդիսանան յատուկ խնամքի կարօտ մեր զաւակներուն հոգածութիւն ու դաստիարակութիւն ջամբող այս կեդրոնին:

Նորին Սրբութեան այցելութեան ներկայ էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետ՝ Մարտիկ Պօղոսեանը եւ կեդրոնին խնամակալութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետը ներկայ տարին հռչակեց «ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ» թելադրելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ զանազան ծրագիրներու եւ աշխատանքներու իրագործումով, իրենց մտածումներուն ու հոգածութեան լուսարձակին տակ բերեն յատուկ խնամքի կարօտ մեր ժողովուրդի զաւակները:   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին