Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ողջունեց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի Գահակալութիւնը

Շաբաթ, 11 Յունուար 2020-ին, Պոլսոյ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գահակալութեան արարողութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ Նուիրապետական Աթոռի նորընտիր գահակալ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արարողութեան մասնակցեցան Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Առաջնորդ Յունաստանի թեմին, եւ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմին: 

Յընթացս արարողութեան, կարդացուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ողջոյնի գիրերը.-

Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Արդարեւ, սա պահը, ընդհանրապէս մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Թուրքիոյ հայութեան համար հոգեկան անհուն ուրախութեամբ լեցուն պահ մըն է: Այսօր Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատմական Աթոռի կեանքին ու առաքելութեան մէջ նոր էջ մը կը բացուի: Վստահ ենք, որ նորընտիր Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազանը մօտէն ճանչնալով իր հոգեւոր խնամքին յանձնուած հօտը՝ իր կարիքներով եւ սպասումներով, ինչպէս նաեւ իր շրջապատը՝ իր իւրայատկութիւններով եւ զգայնութիւններով, խոհեմութեամբ ու նուիրումով պիտի կատարէ իր հոգեւոր ծառայութիւնը»: 

Ապա Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ «Մեր ժողովուրդին զաւակները կ«ապրին զանազան միջավայրերու մէջ եւ կը դիմագրաւեն թէ« մեր ազգին ու եկեղեցւոյ առնչուած եւ թէ տուեալ միջավայրին յատուկ մարտահրաւէրներ ու խնդիրներ:  Արդ, մեկնելով մեր եկեղեցւոյ ու ազգին ընդհանրական շահերէն եւ մեր ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու յանձնառութենէն, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով տեղական պայմանները, մեր եկեղեցին կոչուած է ծառայելու իր հոգեւոր հոգածութեան կարիքը ունեցող  ժողովուրդին՝ դառնալով սերմնացանը Քրիստոսի աշխարհ բերած յաւիտենական ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն»:

Իր պատգամի աւարտին, եղբայրական սէրն ու ողջոյնը փոխանցելով նորընտիր Պատրիարքին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «ինչպէս գիտէք, պատմական կապեր գոյութիւն ունին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միջեւ: Այսօր, մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ սպասումն է, որ Նուիրապետական չորս Աթոռներուն միջեւ, նո՛յն եւ մէկ եկեղեցւոյ պատկանելիութեան անխախտ սկզբունքէն մղուած, ներքին գործակցութիւնը աւելի սերտանայ ու ծաւալի: Ահա այս յոյսով կ«ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը եւ կը սպասենք որ անցեալէն ժառանգուած մեր Նուիրապետական Աթոռներուն եղբայրական կապերը վերանորոգ թափով շարունակուին՝ ի խնդիր հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել կենսագործման»:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին