«Ծննդեան Աւետիսը Այսօր Մեզմէ Իւրաքանչիւրին Համար Յոյսի, Վստահութեան Եւ Սիրտերու Նորոգութեան Առիթ Է» Հաստատեց Անանիա Ծ․ Վրդ․ Գուճանեան
Մկրտիչ Քհնյ․ Քէշիշեան Շնորհուեցաւ
«Աւագութեան» Տիտղոս
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, երկուշաբթի 6 յունուար 2020-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ, նաեւ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք։ Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան։
Պատարագի ընթացքին Անանիա ծ. վարդ. Գուճանեան ընթերցեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի ,Օրհնութեան գիրե-ը ուղղուած Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին, որուն մէջ սրբազանը բարձր կը գնահատէ Տիկնանց յանձնախումբին նուիրեալ ծառայութիւնը։ Հայր սուրբը ընթերցեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը ուղղուած Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեանի, որուն մէջ վեհափառը ընդառաջելով Նարեկ արքեպիսկոպոսի խնդրանքին, «Աւագութեան» տիտղոս կը շնորհէ քահանայ հօր։
Մկրտիչ ա. քհնյ. Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ 19 տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ, նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին եւ առաջնորդ սրբազանին յայտնելով, որ սոյն տիտղոսին արժանանալով ինք կը վերանորոգէ իր ուխտը հնազանդութեամբ ծառայելու եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին։
Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան իր քարոզին սկիզբը Նարեկ արքեպիսկոպոսի եւ Ազգային իշխանութեան անունով ողջունեց հաւատացեալ ժողովուրդը աւետելով Քրիստոսի ծննդեան բարի աւետիսը շեշտելով, որ Յիսուս մանուկի ծնունդը այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին շատ աւելի պէտք է քան նախապէս։ «Յիսուս մանուկի ծնունդը եւ ծննդեան աւետիսը այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին համար յոյսի, վստահութեան եւ մանաւանդ ապագայի յոյսի եւ յատկապէս սիրտերու նորոգութեան առիթ է» հաստատեց հայր սուրբը աւելցնելով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար Յիսուս մանուկի ներկայութիւնը որպէս լոյս, այն առաջնորդող ազդակն է, որուն հետ մենք այսօր պէտք է քալենք մեր ճամբան, լուսաւորենք մեր ճանապարհը եւ նայինք դէպի այդ լուսաւոր միակ լոյսին՝ Քրիստոսին։ Հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ այսօր Քրիստոս տակաւին իր լոյսը կը սփռէ մեր վրայ որպէս քրիստոնեաներ եւ հաւատացեալներ շեշտելով, որ Քրիստոս որպէս լոյս աշխարհ եկաւ, որպէսզի լուսաւորէ մարդոց միտքերն ու հոգիները, խաւարած միտքերն ու սիրտերը լոյսով ողողէ եւ ինք որպէս լոյս ապրեցաւ, գործեց, լուսաւորեց եւ այդ սրբութեան, անկեղծութեան, հաւատքի եւ հեզութեան լոյսը սփռեց իր զաւակներուն եւ հետեւորդներուն վրայ։ «Այսօր ներկայ պայմաններուն մէջ, երկրի քաղաքական եւ տնտեսական վիճակներուն նայելով, արդեօ՞ք տակաւին Յիսուս մանուկը մեզմէ իւրաքանչիւրին միտքին, հոգիին, սիրտին, մտածողութեան առարկան է։ Արդեօք Յիսուս մանուկը որքանո՞վ ներկայ է մեր կեանքի առօրեային մէջ, որքանո՞վ դերակատար է մեր կեանքին եւ ապրելակերպին։ Արդեօք կը յիշե՞նք կամ զինք եւ կը զգանք իր ներկայութիւնը» հարց տուաւ Անանիա ծ. վարդ. Գուճանեան աւելցնելով, որ Յիսուս ծնաւ որպէս Աստուած, սակայն ան տխրութեան, սուգի, հիւանդութեան, դժուարութեան Աստուած չէ եւ պէտք չէ փնտռենք զինք միայն երբ դժուարութեան, աղքատութեան, պատերազմի մէջ ենք։ Յիսուս ծնաւ որպէսզի ուրախութիւն սփռէ մարդոց։ Որպէս լոյս այդ ուրախութիւնը սփռեց մարդոց վրայ, որպէսզի անոնց սիրտերն ու հոգիները լուսաւորուին, պայծառակերպուին։ Ան ծնաւ, որ դառնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին տէրն ու իշխանը, կեանքի ճանապարհը եւ կեանքը։ «Յաւիտենականութիւնը եւ մնայունը միայն Քրիստոսի ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ։ Պաշտօնները, հարստութիւնը, դրամը, փառքը այս աշխարհին կը պատկանին։ Չպայքարինք այդ բոլորը ձեռք ձգելու համար, այլ՝ պայքարինք աշխարհի միակ հարստութիւնը ապահովելու համար որն է Քրիստոս։ Մեր կեանքը ապրինք Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար։ Չդառնանք մարդահաճոյ։ Մարդիկը ժամանակաւոր են։ Աստուած կու տայ իւրաքանչիւրին շնորհքը, ունեցուածքը եւ մենք պէտք է ապրինք միայն Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար» շեշտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան եւ եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ, որ Յիսուսի ծնունդը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար պիտի ըլլայ փրկութեան աւետիս. այս աւետիսը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար պիտի ըլլայ սիրոյ խորհրդանիշ. այն սէրը, որ մեզի պիտի առաջնորդէ դէպի միասնականութիւն, հաւատք, յոյս, վստահութիւն այն Յիսուսին հանդէպ՝ որ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար իր աշխարհ գալով, իր խաչելութեամբ մեզի նոր կեանք պիտի տայ։
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք։
Այնուհետեւ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ՝ մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2։00։
Շնորհաւորողներու շարքին էին լիբանանեան համայնքներու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, կառոյցներու ներկայացուցիչներ։