Երկուշաբթի, 28. 04. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Երէցներուն  Նախաձեռնութեամբ Նպաստաբաշխում  Հայ  Ընտանիքներուն

Լիբանանի  ընկերային- տնտեսական  մտահոգիչ զարգացումները անելային կացութեան  մատնած են  համեստ օրապահիկով ապրող  ընտանիքները:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը  Հայ Ընտանիքին  օգնութեան  ձեռք  մեկնելու մարդասիրական  զանազան  նախաձեռնութիւններու սկսած է այս ուղղութեամբ:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ  Անթիլիաս սկաուտական  շարժումի երէցները, շարունակելով  Նոր Տարուան  եւ Սուրբ  Ծննդեան  օրերուն  կարեկից  ընտանիքներուն  օժանդակելու   իրենց  բարի աւանդութիւնը, այս տարեվերջին, շատ աւելի հետեւողական աշխատանքով՝  Հայ  ընտանիքին երեսին  վրայ ժպիտ  գծելու եւ ուրախութիւն  յառաջացնելու  վճռակամութեամբ,   հարուածային եւ լայնածաւալ հանգանակութիւն մը  կազմակերպեցին:

Երեքշաբթի,  31  Դեկտեմբեր  2019-ին, բազմաթիւ ընտանիքներ, կոկիկ սնտուկներու  մէջ զետեղուած,  առաջնային օժանդակութիւն նկատուող  զանազան իրեր ստացան  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  երէցներէն:

Այս առիթով,  ՀԵԸ ԱՆդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական  շարժումը  իր երախտագիտութիւնը կը  յայտնէ բոլոր անհատներուն,  հաստատութիւններուն, որոնք անսալով կամաւոր իրենց  կոչին մասնակցեցան  մարդասիրական այս առաքելութեան:

Ուրախացնենք եւ ուրախանանք….

 ԱՊՐԻ’Ք  ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ  ՇԱՐժՈՒՄԻ  ԵՐԷՑՆԵՐ

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Անդրանիկ   Սեւանէն  Օժանդակութիւն  Լիբանանահայ  Կարիքաւոր  Ընտանիքներուն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին