«Սանդա Քլաուզ Իզ Քամինկ Թու Թաուն» երգը պատմութեան մէջ մտած է իբրեւ Սուրբ ծննդեան այն առաջին երգը, որ հոգեւոր երգ չէր սակայն մեծագոյն հռչակ ձեռք բերաւ։
2014ին ASCAP-ի հաշուարկներով ան ծննդեան տօնի եղանակին ամենէն յաճախ կատարուող երգն էր։ Ան նոյնիսկ գերազանցած է White Christmas եւ The Christmas Song երկու նշանաւոր երգերուն առասպելական յաջողութիւնը: Հետաքրքրականը այն է, որ երգին յօրինման պահուն ոչ մէկ երգիչ չէ ուզած կատարել զայն, սակայն առաջին թողարկումէն ետք, անոր յաջողութիւնը ցնցեց երաժշտական աշխարհը։
«Սանդա Քլաուզ Իզ Քամինկ Թու Թաուն» երգի բնագրին հեղինակն է ծանօթ բանաստեղծ-երգահան Հեյւըն Կիլեսփին։ Երգը գրուած է 1934ին ։ Այդ ժամանակ ան արդէն ծանօթ երգահան էր, որ քանի մը հանրածանօթ հիթ հեղինակած էր։ «Ես երգը գրեցի իմ հրատարակիչ ընկերներէն մէկուն խնդրանքով եւ յորդորով։ Ան ինծի ըսաւ, որ իմ բառապաշարը հասկանալի է մանուկներուն համար»,- կը պատմէ Կիլեսփին։ Այդ հրատարակիչը Էտկար Պիթնըրն էր Նիւ Եորքէն։
Կիլեսփին կը պատմէ, որ երգին բնագիրը գրելու պահուն, ան որոշեց հիմնուիլ իր մանկութեան զգացացումներուն եւ յիշողութիւններուն վրայ։ Ան կը պատմէ ,-«Կը յիշեմ, անգամ մը տուն եկայ ու մօրս հարցուցի, թէ արդեօ՞ք Սանդան պատահաբար եկած է, գիտնալով հանդերձ, որ տակաւին մէկ շաբաթ կայ մինչեւ Սուրբ Ծնունդը։ Մայրս ինծի պատասխանեց,- «Լսէ՛ փոքրիկ երիտասարդ, երբ Սանդան գայ, ես իրեն պիտի պատմեմ, որ դուն ականջներդ լաւ չես լուար»։ Իմ մէջ սա այնպիսի մեծ տպաւորութիւն ձգած էր, որ երբ յիշեցի այս դէպքը, տողերը իրենք իրենց ձեւաւորուեցան․
«Դուն լաւ է, որ զգոյշ ըլլաս,
Դուն լաւ է, որ չլաս,
Դուն լաւ է, որ շրթներդ դժգոհ չուռեցնես,
Ըսեմ, քեզի ինչո՞ւ համար՝
Սանդա Քլաուզը քաղաք կու գայ․․․
Ամբողջ բնագիրը ան գրած է 15 վայրկեանի մէջ, մեթրոյով տուն վերադառնալու պահուն, նամակի ծրարին հակառակ երեսին վրայ։
Նոյնքան արագ ալ գրուած է երաժշտութիւնը, որուն հեղինակն է Ֆրետ Քութսը։ Երբ երգը հասած է հրատարակիչին՝ Էտկար Պիթներին, անոր թուացած է, որ երգը չափազանց պարզունակ է։ Սակայն հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ան մանկական երգէ մը մեծ ակնկալիքներ չուներ, ընդունած է երգը հրապարակել։
Ամենադժուար քայլը երգիչ գտնելը եղած է։ Ոչ մէկ կատարող ուզած է երգել այս երգը ։ Վերջապէս գտնուած է երգիչ մը, որ ձայնագրած է զայն։ Այդ երգիչը Ֆրետի Քանթըրն էր, որ տեղի տուած է իր կնոջ խնդրանքին, որ դժուարութեամբ համոզած անոր կատարել երգը:
Երգը առաջին անգամ հնչած է ռատիոեթերէն՝ Սուրբ Ծննդեան հաղորդման ժամանակ։ Եթերէն ետք երգի նոթաները վաճառուած են տասնեակ հազարներով, եւ մինչեւ տօներուն աւարտը վաճառքի թիւը կազմած է մօտ կէս միլիոն օրինակ։
«Սանդա Քլաուզ Իզ Քամինկ Թու Թաուն» երգը կը համարուի Ծննդեան տօներուն անպայման կատարուող երգերէն մէկը եւ ընդհանուր առմամբ զայն երգած են աւելի քան 200 երգիչ եւ խումբ։ Ան հնչած է նաեւ բազմաթիւ ֆիլմերու մէջ, որոնցմէ ամենայայտնիներէն նշեմ «Տան մէջ Մինակ» (Home Alone) մանկական ամենասիրուած ֆիլմը։
․․․Ան նուէրներու ցուցակ կը կազմէ,
Կը ստուգէ կրկնակի անգամ,
Ան պիտի գիտնայ,
Ո՞վ է չարաճճին եւ ո՞վ է խելոքը
Սանտա Քլաուզը քաղաք կու գայ․․․․