Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

Ամանորի Ամենա-Ամենաները…

Պատրաստեց՝  ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

 Ահա դարձեալ Նոր տարի է եւ Սուրբ Ծնունդ:

Տօնակատարութեան նախապատրաստումը կը սկսի շաբաթներ առաջ: Եւ անշուշտ, իւրաքանչիւրիս տան մէջ գեղեցիկ տօնածառ մը կը դրուի, զոր կը զարդարենք աւանդական բազմերանգ գնդիկներով, զարդանախշերով եւ այլ խաղալիքներով:

Ամէն տարի, զարդարելով տօնածառը, մեր սիրտերու մէջ կը վերականգնուին մանկութեան հէքեաթներն ու հաւատը հրաշքներու հանդէպ. պահ մը, կարծէք, կրկին կը մանկանանք: Յիրաւի, եթէ հէքեաթները չըլլային, եթէ անոնց կախարդական՝ հրաշքներու գունագեղ աշխարհը ստեղծուած չըլլար, մանկութիւնը այդքան մաքուր, այդքան անկեղծ ու սիրով լեցուն կրնա՞ր ըլլալ: 

Նուէրներու, տօնածառերու եւ զարդերու ընտրութիւնը շատերու համար կենսական նշանակութիւն ունի: Մեր օրերուն կարելի է տօնածառի զարդեր գտնել իւրաքանչիւր ճաշակի համար:

Ի դէպ, գիտէ՞ք որ բացառիկ ամանորեայ խաղալիքներ գոյութիւն ունին, որոնք ոչ պակաս թանկարժէք զարդեր կարելի է սեպել (երբեմն նոյնիսկ նման՝ ոսկեայ զարդերուն):     

Ձեզի կը ներկայացնեմ տօնածառի՝ աշխարհի ամենասուղ խաղալիքները, ամենասուղ տօնածառերը եւ Ս. Ծննդեան ամենասուղ ծաղկեպսակը:

1-Ձեռքով պատրաստուած տօնածառի այս ոսկեայ գնդակը ստեղծուած է լոնտոնեան Embee Jewels ոսկերչական ընկերութեան մէջ` Hallmark Jewellers-ի հետ համագործակցութեամբ եւ վաճառքի հանուած է փայտեայ տուփով:

Խաղալիքը պատրաստուած է 1578 մանր ադամանդներէն, որ տեղադրուած են 18 քարաթ կշռող ճերմակ ոսկիի վրայ: Երկու օղակները, որոնք կը շրջապատեն գնդակը, զարդարուած են 188 կարմիր սուտակներով: Գնդակին վրայ տեղադրուած են 31 քարաթ կշիռքով մեծ ադամանդներ՝ կտրուածքով եւ չափերով տարբեր մանր ադամանդներէն:

Բոլոր թանկարժէք քարերը տեղադրելու համար աւելի քան 130 ժամ պահանջուած է: Գինը՝ 82,000 եւրօ:

 

2-Krebs Glas Lauscha GmbH ընկերութեան այս գնդակը եւս տօնածառի աշխարհի ամենասուղ զարդարանքներէն մէկը կը համարուի: Կարմիր ապակեայ գնդակը պատուած է 12 քարաթ կշիռք ունեցող ոսկեայ գեղեցիկ վանդակով, որուն վրայ տեղադրուած են 150 ադամանդ՝ 5.1 քարաթ ընդհանուր կշիռքով:

 Գինը՝ 20,000 եւրօ:

 

3-Տօնածառի խաղալիք-գնդակներու հաւաքածոյ Նաթալի Սարապելլայէն՝ ձեռքով նկարուած: 12 գնդակներու հաւաքածոն՝  2000 եւրօ:

                    

 

4-Աշխարհի ամենասուղ Տօնածառը, որ գնահատուած է 14-15 միլիոն տոլար (12 միլիոն ֆունթ սթեռլինկ), այս տարի տեղադրուած է Սպանիոյ Մարպելլա առողջարանային քաղաքի «Քեմբինսքի Պահեայ» հիւրանոցին մէջ:

           

Աւելի քան 6 մեթր բարձրութիւն ունեցող տօնածառը, որ պատուած է Սւարովսքիի 3 հազար բիւրեղներով, իր վրայ կը կրէ 500 ձեռագործ զարդարանք՝ սիրամարգի նրբագեղ փետուրներով պատրաստուած խաղալիքներ, ջայլամներու իրական հաւկիթներ՝ պատուած ոսկիի նրբագոյն թիթեղիկներով եւ ալմաստի փոշիով, չորս քարաթանոց շափիւղաներ, հաւկթաձեւ սեւ եւ ճերմակ ադամանդներ, երկնագոյն շափիւղաներով եւ ադամանդներով պատրաստուած խաղալիքներ:

Ծառի վրայ կան նաեւ իւրայատուկ մարտին գաւաթներ,  օծանելիքի շիշեր, նաեւ այնպիսի դասական զարդեր, ինչպէս օրինակ՝ ձիւնի փաթիլներ, փերիներ, ընկուզենիներ եւ գեղեցիկ զարդարուած բամպակներ, որոնք պատուած են ալմաստի փոշիով:

Տօնածառի ամենաթանկարժէք զարդերն են՝ երեք քարաթ կշռող վարդագոյն ադամանդը՝ 2,3 միլիոն տոլար արժողութեամբ, եւ կարմիր՝ Emu կոչուող հաւկթաձեւ ադամանդը, որ զարդատուփ մըն է: Այն պատրաստուած է 24 քարաթ ոսկիէն եւ սեւ ադամանդի փոշիէն. գնահատուած է 8,9 միլիոն ֆունթ սթեռլինկ:

Կանաչ, հրաշագեղ գեղեցկուհին շուրջօրեայ խիստ հսկողութեան ներքոյ կը գտնուի:

Կաշիով, ազնուաքիսի մորթիով հիանալի խաղալիքներ, ինչպէս նաեւ հռչակաւոր Cartier-ի, Bulgari-ի, Van Cleef & Arpels-ի, Chanel-ի եւ Louis Vuitton-ի սուղնոց զարդեր ստեղծելու համար, բրիտանացի նկարչուհի Տէպի Ուինկեմը մէկ ամիս  աշխատած է: Տէպին յայտնի է որպէս աշխարհի ամենաթանկ վճարուող ձեւաւորողը. ան 2016-ին ստեղծած է աշխարհի ամենաթանկ՝ սեւ ադամանդեայ զգեստը, որ գնահատուած է 3,5 միլիոն ֆունթ սթեռլինկ:

5-Աւելի վաղ Սուրբ Ծննդեան ամենաթանկ տօնածառը կը համարուէր 2010-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապպիի Emirates Palace հիւրանոցին մէջ տեղադրուած կանաչ գեղեցկուհին՝ 11,4 միլիոն տոլար արժողութեամբ:

 

Emirates Palace շքեղ հիւրանոցի 40 մեթր բարձրութեամբ տօնածառը զարդարուած էր արծաթեայ եւ ոսկեայ աղեղներով, զարդերով եւ փոքրիկ լոյսերով: Ընդհանուր առմամբ այն իր վրայ կը կրէր 181 ադամանդ, մարգարիտ, զմրուխտ, շափիւղաներ եւ այլ թանկարժէք քարեր: Ոսկերչական իրերու շարքին էին մանեակները, ժամացոյցները եւ ապարանջանները:

6- Թոքիոյի 1,8 միլիոն արժող մինի տօնածառը. Japanese հանրախանութներու ցանցը կրճատեց տօնածառի չափսը՝ հասցնելով մինչեւ 40 սանթիմեթր:

Այնուհետեւ փոքրիկ տօնածառը զարդարուեցաւ վարդերու փունջերով, որոնց իւրաքանչիւրին կեդրոնը տեղադրուեցան Աւստրալիայէն եւ Ափրիկայէն բերուած ադամանդներ:

Ծառին մաս կը կազմէր կարմիր արջուկը, որ ադամանդեայ կախազարդ կը կրէր:

7-Տիզնիի տօնածառը՝ 4,2 միլիոն տոլար արժողութեամբ: Ginza-ն Թոքիոյի  նորաձեւութեան գնումներու ճանչցուած վայրն է, որուն մէջ տասը արհեստաւորներ երկու ամիս աշխատելով՝ ստեղծեցին ոսկիէ պատրաստուած, 24 քարաթ արժողութեամբ Տիզնիի տօնածառը:

  

Ծառին վրայ կախուած էին Ուոլթ Տիզնիի ստեղծած հերոսներու 50 կերպարներ, որոնց կը գլխաւորէր հռչակաւոր Միքի Մկնիկի ուրուագիծը:

8- Լոնտոնը յայտնի է իբրեւ սուղնոց քաղաք, եւ բոլորովին զարմանալի չէ հոն թանկարժէք տօնածառ գտնելը:

Sofitel բարձրակարգ հիւրանոցին մէջ պատրաստուած է տարօրինակ տօնածառ մը՝ իբրեւ «խաղալիք» ունենալով 200 քոնեաքի շիշեր, որոնք զարդարուած են 24 քարաթնոց ձեռագործ ոսկեայ զարդերով: Իւրաքանչիւր շիշը պատրաստելու համար հինգ մասնագէտ աշխատած է:  Իսկ քոնեաքը՝  Louis XIII Grande է: Մէկ շիշին արժէքը 2400 տոլար է:   Ամբողջ ծառը գնահատուած է 55,000 տոլար:

9- Իսկ Լիթվայի մայրաքաղաք Վիլնիւսի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղադրուած այս տարուան շքեղ տօնածառը կոչուեցաւ «Ամանորեայ Հրաշք»: 

 Տօնածառը զարդարուած է 70. 000-է աւելի լամպերով, 2.700 խաղալիքներով եւ շրջապատուած է աւանդական «ամանորեայ քաղաք»-ով:   

10-Եւ վերջին տօնական շքեղութիւնը՝ հիանալի Սուրբ Ծննդեան ծաղկեպսակ մը: Այս անհաւատալի զարդը բացարձակապէս նման չէ սովորական աւանդական ծաղկեպսակներուն. պատրաստուած է աշխարհի ամենագեղեցիկ եւ եզակի ծաղիկներէն: Ծաղկեպսակը զարդարուած է կարմիր սուտակներով եւ ադամանդներով, որոնք աւելի քան 138 քարաթ կը կշռեն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին