Շաբաթ, 26. 04. 2025

spot_img

Առաջնորդական Պատգամ Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առթիւ

«Յաւիտենական Աստուածը երկրի վրայ երեւցաւ եւ մարդոց հետ շրջեցաւ, որպէսզի մեզ կենդանացնէ» (Ս. ծնունդի սրբասացութիւն)

Սիրելի՛ հայորդիներ որ ի Լիբանան,

Նոր տարիէն մի քանի օր ետք, երբ դէմ յանդիման պիտի գտնուինք մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, եկէք անդրադառնանք, որ անժամանակն Աստուած մեզ ժամանակին մէջ եւ ժամանակէն անդին առաջնորդելով` յաւիտենական կեանքի վայելումին կը հրաւիրէ։

Տարին նո՛ր կը մնայ եւ մեզ նորոգութեան շարունակական թաւալումին մէջ կը պահէ, երբ մեր բովանդակ կեանքը կը դառնայ Աստուծոյ հաւատարմութեամբ եւ մարդոց մտերմութեամբ շրջագայութիւն մը` երկրաւոր կեանքէն դէպի երկնաւոր կեանք ոլորապտոյտին մէջ։

Աստուած մարմնացաւ, որպէսզի մարդոց մէջ շրջի եւ մեզ կենդանի կեանքով լեցնէ` այս աշխարհի մէջ աստուածակեդրոն կեանքի նախաճաշակը տալով մեզի եւ յաւիտենական կեանքի մշտական վայելքէն չզրկուելու հրաւէրը ուղղելով բոլորիս։

Աստուածորդին յաւիտենական Աստուածը բերաւ մեզի. Ի՛նք, յաւիտենական Աստուածը, մերկացաւ Իր անստուեր փառքէն, երկինքէն երկիր իջաւ մեզի համար, մեր հետ ապրեցաւ եւ մեզ յաւիտենապէս Ի՛ր հետ մնալու քաղցրութեան հաղորդ դարձուց` մեզ ժամանակը անդրանցող յաւիտենականութեան արժանի դարձնելով։

Քրիստոս պսակեց աստուածային փրկագործութեան ծրագիրը եւ եկեղեցւոյ ճամբով կը շարունակէ վերահսկել մեզմէ իւրաքանչիւրին փրկութեան վրայ։ Մենք, Քրիստոսի անունը կրող հայ քրիստոնեաներս, պարտաւոր ենք մեր փրկութեան պատասխանատւութիւնը ապրիլ եւ Քրիստոսի հետ ըլլալու մեր ուխտին մէջ հաստատ մնալ։

Յաւիտենական Աստուած յաւիտենականութեան բնակիչ դառնալու ճամբան ցոյց տուաւ մեզի։ Մարդոց եղբայրը դարձած Աստուած Իր ամբողջ ստեղծագործութեան խնամատարութիւնը վստահեցաւ մեզի եւ յորդորեց սիրոյ շաղկապով ապրիլ իրարու հետ։ Կենդանարար Աստուած մեր երկրաւոր կեանքը իմաստաւորել եւ երկնաւոր կեանքի անսպառ ուրախութենէն չզրկուիլ սորվեցուց մեզի։

Քրիստոսով երկինքէն երկիր նետուած աստուածակերտ կամուրջը ահաւասիկ այսօր անգամ մը եւս մեզ ճշմարիտ կեանքի աղբիւրին` Աստուծոյ կ՛առաջնորդէ, որպէսզի յաւիտենական կեանքը մշտապէս ճաշակենք։   

Ս. Ծնունդի առաւօտուն, երբ սուրբ պատարագին մասնակցելու համար եկեղեցի գանք, մեր հոգիի աչքերը բանանք եւ սկիհին վերաբերումին ատեն խորապէս գիտակցինք, թէ փառաւոր Թագաւորը եւ ամենակալ Տէրը`Քրիստոս մեզի համար կու գայ Տիրոջ անունով եւ վերստին պիտի գայ, մեզի անսպառ կենդանութիւն պարգեւելու համար` մանաւանդ նաեւ հաստատելով, որ Իր երկրորդ գալստեան ատեն յաւիտենական փառքին ժառանգորդները պիտի դառնանք, որովհետեւ Իրեն հետեւեցանք։

*

*   *

Տօնական այս օրերուն, մեր ուրախութիւնը անխառն չէ` ի տես Լիբանանի մէջ տիրող մտահոգիչ իրավիճակին։ Դժբախտաբար, ժողովրդային ցասումը տակաւին արմատական բարւոք լուծման չառաջնորդեց Լիբանանը։ Մեր բոլորին սպասումն է, որ պետութիւն եւ ժողովուրդ առաւե՛լ նախանձախնդրութեամբ յարմարագոյն ու շուտափոյթ լուծումը գտնեն լիբանանեան տագնապին եւ ընկերային արդարութեան վրայ խարսխուած խաղաղ ու բնականոն կեանք պարգեւեն բոլորիս։ Շարունակե՛նք աղօթել եւ գործել նորակերտ Լիբանանին համար։

 

*

*   *

 

          Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առթիւ, որդիական ակնածանօք կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակը եւ քաջառողջութիւն ու մշտադալար հայրապետութիւն կը մաղթենք։

          Կը շնորհաւորենք Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան անդաստանին մէջ ծառայող մեր բոլոր միաբանակից ու հոգեւոր եղբայրները, եւ կորով կը մաղթենք իրենց անձնդիր սպասաւորութեան կենսագործման համար։

          Կը շնորհաւորենք Լիբանանի Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր դասն ու հաւատացեալները, մեր քահանայից դասը, Ազգային իշխանութեան եւ մեր ծուխերու մարմինները, լիբանանահայութեան կեանքէն ներս գործող կառոյցները ու մեր ժողովուրդի զաւակները, եւ բոլորիդ կը մաղթենք օրհնեալ ու կենսալից ամանոր, Ս. Ծնունդ ու Աստուածայայտնութիւն։

 

                                                                   Նարեկ արքեպիսկոպոս

                                                        Առաջնորդ Լիբանանի հայոց

 1 յունուար 2020

Պէյրութ – Լիբանան

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին