Երկուշաբթի, 07. 10. 2024

spot_img

Կոմիտասին Նուիրուած Համերգներ Կտանսքի Մէջ

Պալթեան ծովի վրայ Լեհաստանի հիւսիսը գտնուող Կտանսք (Gdańsk) քաղաքը լեհական արդիւնաբերութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկն է ու մեծագոյն նաւահանգիստը, 1980-ականներուն Կտանսքը եղաւ լեհական «Համերաշխութիւն» շարժման ծննդավայրը որ, հիմնական ու որոշիչ դեր ունեցաւ ոչ միայն Լեհաստանի մէջ համայնավար իշխանութեան վերջ տալու գործին մէջ այլ, քաղաքական դիմադրութեան առաջին կայծը հանդիսացաւ տապալելու Արեւելեան Եւրոպայի համագործակցութեան դաշինքը, քանդելու Պերլինի պատը եւ Խորհրդային Միութեան քայքայումն ու կազմալուծումը:  Պէտք է յիշել որ Լեհաստանի Քրաքով եւ Էլպլոնկ քաղաքներէն վերջ, երրորդ խաչքարը տեղադրուած է Կտանսքի մէջ Ս․ Պօղոս Պետրոս կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից 7 Հոկտեմբեր 2009 թուին։ Հայաստանէն բերուած հայկական խաչքարի օծումը կատարուած է Տէր Սերովբէ վրդ․ Իսահակեանի ձեռամբ, նոյն թուականին սոյն եկեղեցւոյ կից տեղի ունեցած է նաեւ Հայկական նրբանցքի բացումը:

Բնականաբար լեհահայութիւնը անմասն պիտի չմնար մեր տիտաններէն մեծն Կոմիտասի եւ Հ․ Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներու առիթով նախաձեռնութիւններ կազմակերպելէ, մանաւանդ երբ այս յոբելեանները ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի օրացոյցին մէջ իբրեւ 2018-2019 թուի մեծատաղանդ ու հռչակաւոր մարդոց յոբելեաններ։

Նոյն նպատակով, հայ երաժշտութեան Արարատի՝ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակի նուիրուած զոյգ համերգներ կազմակերպուեցան Կտանսքի մէջ՝ առաջինը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 12 դեկտեմբերին իսկ երկրորդը ուրբաթ 13 դեկտեմբեր 2019 թուին, Կտանսքի հայ միութեան եւ լեհաստանի հայ դատի յանձնախումբի համագործակցութեամբ եւ տեղական մշակութային միութիւններու մասնակցութեամբ։ Առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Կտանսքի 16 րդ դարու պատմական քաղաքապետարանի մեծ դահլիճին մէջ, ուր ներկայիս կը գտնուի Համապալթեան մշակութային  կեդրոնատեղին։ Համերգին ներկայ էին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ մշակոյթով հետաքրքրուած լեհ բարեկամներ, հայորդիներ: Վերոյիշեալ մշակութային  կեդրոնատեղիի տնօրէնին բացման խօսքէն ու համերգի երաժիշտներու կողմէ մատուցուած զոյգ ազգային քայլերգներէն ետք ներկաներու հոծ բազմութիւնը առիթը ունեցաւ վայելելու հայ դասական, հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան հոգեզմայլ համերգը։ Կոմիտասի մեծութեան խորհուրդն ու  հանճարը հայերէն ու լեհերէն լեզուներով տպագրուած բացիկներու ընդմէջէն փոխանցուեցաւ ներկաներուն: Կոմիտասի տպաւորիչ ստեղծագործութիւններու կողքին, համերգի հարուստ յայտագիրը կը պարունակեր նաեւ հայերէն թէ լեհերէն նոր տարուայ եւ Ս․ Ծնունդի նուիրուած ճոխ երգացանկ մը։ Այս համերգին  իր թովիչ ձայնով մեներգեց յատուկ հրաւէրով Լեհաստան ժամանած հալէպահայ ու Հալէպի Ազգ. Կիւլպենկեան վարժարանի երաժշտութեան անցեալի ուսուցիչ, ներկայիս Երեւան ապրող մեներգիչ՝ Արամ Ճապաղջուրեանը որ դասական երգեցողութեան իր բարձրագոյն երաժշտական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Բ. Կանաչեան եւ Ա. Խաչատուրեան երաժշտական դպրոցներէն։ Նոյնպէս քանոններով, երաժշտական հմայիչ մասնակցութիւն ունեցաւ Experimental duo երաժշտական խումբը, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ուսանողուհիներ՝ Լիլիթ Գէորգեանի եւ Սուսաննա Մանասէրեանի կատարողութեամբ։ Վիոլայի եւ կիթարի զմայլիչ նուագով մասնակցեցաւ GOARM նուագախումբը, որ կազմուած է Հալէպի Ազգ. Կիւլպենկեան վարժարանի եւ Հալէպի Բ․ Կանաչեան երաժշտանոցի նախկին հալէպահայեր՝ Գէւորգ եւ Արամ Սայեղ եղբայրներու կողմէ, որ ներկայիս կ՝ապրին Լեհաստանի Վրօցլավ քաղաքին մէջ: Ներկաները վայելեցին շնորհալի արուեստագէտներու կողմէ հրամցուած մէկ ժամէ աւելի երկարող երաժշտական յայտագիրը։  Ինքնուրոյն փայլք ու հմայք ունեցող Կոմիտասի եւ ընդհանրապէս հայ երաժշտութիւնը ճախրեց Կտանսքի դարաւոր շքեղ դահլիճի կամարներուն ներքեւ իր անզուգական ջերմութեամբ հայացնելով երաժշտական երեկոն, զմայլելով նոյնպէս լեհ ներկաներուն հոգիները։ Համերգի աւարտին օրուայ փակման ու մանաւանդ Կտանսքցիներուն ուղղուած շնորհակալութեան խօսքը ու ամանորեան բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Կտանսքի հայ միութեան ատենապետ՝ Գագիկ Պարսամեանը: Հայ միութիւնը հիմնուած է 13 օգոստոս 2017 թուականին, լեհահայ սփիւռքի կազմաւորման 650-ամեակի տարին ու Կտանսքի ամենագեղեցիկ փողոցներէն մէկուն` Մարիացքայի 34/36 ի վրայ ունի իր կեդրոնատեղին։ Պարսամեան հանրածանօթ է նաեւ իբրեւ արուեստագէտ ու գեղանկարիչ որ, Լեհաստանի, Հայաստանի եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ ունեցած է իր զանազան անհատական թէ խմբային ցուցահանդէսները, կազմակերպած է հայ եւ լեհ նկարիչներու արուեստի միջազգային փառատօններ։ Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահ Անտժէյ Տուտայի կողմէ սեպտեմբեր 2017 թուին պարգեւատրուած է Լեհաստանի «Վերածնունդ Ասպետական Խաչ» շքանշանով։

Նշենք, որ սոյն համերգի աւարտին Կտանսք քաղաքի քաղաքապետի կողմէ քաղաքապետի ներկայացուցիչը Գ․ Պարսամեանը պարգեւատրեց յատուկ պատուոգրով, անոր մշակոյթի բնագաւառին մէջ 35-ամեայ ստեղծագործական վաստակին ու գործունէութեան համար։

Իսկ երկրորդ համերգը տեղի ունեցաւ ուրբաթ երեկոյեան 13 դեկտեմբեր 2019 թուին, Կտանսքի հնագիտական հնադարեան թանգարանի սրահին մէջ, ուր հայ արուեստագէտները իրենց հիանալի երաժշտական կատարումով անգամ մը եւս հոծ ներկայութիւնը հմայեցին Կոմիտասեան ու հայ երաժշտութեան առինքնող ու քաղցրահնչիւն ընդլայնուած երգացանկով։ Երկրորդ համերգի աւարտին  օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքով համերգը եզրափակեց հիւրաբար պատարագ մատուցելու համար Կտանսք գտնուող Տէր Տարօն վրդ․ Ղուլիկեանը։ Պարտք է նշել որ զոյգ համերգներու աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան հայկական նուռի քաղցրահամ գինիով։

Ներկայիս սփիւռքի մէջ ընդհանրապէս եւ մասնաւորապէս Եւրոպայի զանազան հայկական գաղութներու՝ փոքր, նոր կազմաւորող թէ նոյնիսկ իբրեւ ինքնավար համարուող համայնքներու համար, հայկական ինքնութիւն պահելը ու մանաւանդ հայ մշակոյթը ծանօթացնելն ու տարածելը հրամայականը բարոյական պարտաւորեցնող մարտահրաւէրներ են՝  կազմակերպչական, երիտասարդ մարդուժի, ընկերային ու մանաւանդ նիւթական կաշկանդող ու սահմանափակող պարտադրանքներով։ Նման բարձրորակ համերգներ կամ մեր հայ մշակոյթի նուիրուած նախաձեռնութիւններ կազմակերպելը ինքնին գօտեպնդիչ ու խիստ քաջալերական է, կարելի է նոյնիսկ նուիրական եւ օրինակելի համարել, ուստի նեցուկ կանգնինք ու քաջալերող ըլլանք հայ տաղանդաւոր նոր սերունդին մեր անսահման  օժանդակութեամբ։

Դոկտ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին